Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 15.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 6000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 32.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.689.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.727.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.445.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը` 831.000 լ. ոսկի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Անդրադառնալով Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնին դէմ արձակուած կրակոցի միջադէպին, քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը միշտ ալ ճշմարտութեան բուռն պաշտպան պիտի մնայ, ինչքան ալ նման երկչոտ արարքներ կրկնուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք ազգային եւ հոգեւոր իրենց պարտականութիւնը կատարած են` թշնամի Իսրայէլին վրայ ճնշում բանեցնելով, որպէսզի ան կասեցնէ Կազայի դէմ իր գործած բռնարարքներն ու յարձակումները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց քաղաքացին, յատկապէս դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացին դուրս պահելու երկիրը յուզող ելեւմտական բացէն: Ապտալլա կոչ ուղղեց պետութեան եւ դրամատուներուն լուծելու երկրին տնտեսական հարցը եւ արդար լուծում գտնելու հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածները, նոյնիսկ եթէ անոնց համար տասնեակ միլիառաւոր տոլարի գումարներ տրամադրուին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Իտալիոյ ոստիկանապետ Վիթորիօ Ռիցին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան հեռանկարները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Սամիր Տահեր յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւններ այցելած են Սուրիա` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան հետ անցքերը բաց են:

 

Նախորդը

Իրանցիներու Մեծ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտ Տուաւ Ռայիսիին Ու Միւս Զոհերուն

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.