Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Եռօրեայ Պետական Սուգ Յայտարարեց Իրանի Նախագահ Ռայիսիի Մահուան Առիթով

May 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եռօրեայ պետական սուգ յայտարարեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան առիթով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով:

Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին:

Իր ցաւակցագիրին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ Ռայիսիի եւ Ապտոլլահեանի մահով իրենք կորսնցուցած են ղեկավարներ, որոնք իրանեան յեղափոխութեան ռահվիրաներ եղած են, բարձրացած են ղեկավարութեան դիրքի եւ ապա մահացած:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ խոր կսկիծ յայտնեց Իրանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին ենթարկուած արկածին համար` հաստատելով, որ Ապտոլլահեանը մօտիկ բարեկամ մըն էր իրեն, ինչպէս նաեւ ծանօթութիւն ունէր նախագահ Ռայիսիի հետ: Պու Հապիպ նշեց, որ զոյգ ղեկավարներուն մահը տխրութիւն պատճառած է իրեն:

Հըզպալլլայի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռայիսիի եւ Ապտոլլահեանի մահը պատճառած ցաւալի արկածին առիթով Հըզպալլա կը ցաւակցի Իրանի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Հըզպալլա ցաւակցութիւն յայտնեց այաթոլլա Խամենէիին` հաստատելով, որ Ռայիսի Դիմադրութեան համար մեծ եղբայր էր եւ Դիմադրութեան ամուր զօրակցողներէն մէկը:

Ապտոլլահեանի մասին Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ան աշխուժ դիւանագէտ էր, որ զոհողութիւններ կը կատարէր եւ քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր հարթակներուն վրայ Դիմադրութեան դրօշը բարձր կը պահէր ու նուիրումով կը ծառայէր անոր յաղթանակներ ապահովելու համար:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ցաւով անդրադարձաւ իրանցի պատասխանատուներուն մահուան տխուր առիթին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց այաթոլլա Խամենէիին: Ան շեշտեց, որ Ռայիսի եւ Ապտոլլահեան ճիգ չեն խնայած իրանեան-արաբական եւ իրանեան-միջազգային յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ Ռայիսիի եւ Ապտոլլահեանի մահը նկատեց ողբերգական պատահար մը Իրանի համար` աւելցնելով, որ այդ լուրը աշխարհը ցնցած է: Ֆրենժիէ ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի ղեկավարութեան, կառավարութեան ու ժողովուրդին եւ մխիթարութիւն մաղթեց անոնց:

Թաուհիտ կուսակցութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց այաթոլլա Խամենէիին` հաստատելով, որ մահացած պետական անձնաւորութիւնները մեծ վաստակ ունին Իրանի բարգաւաճման մէջ, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով զօրակցած են Պաղեստինեան դատին, պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր Դիմադրութեան:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Թալալ Արսլան Ռայիսիի եւ Ապտոլլահեանի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի ժողովուրդին եւ մահացած ղեկավարներու ընտանիքներուն:

Նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայիսիի ու Ապտոլլահեանի մահուան առիթով եւ խոր կսկիծ արտայայտեց այդ ցաւալի դէպքին վերաբերեալ:

Նախորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Սայֆիի Կեդրոնը Կրակոցի Կ՛ենթարկուի

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Շաբաթ. Միասին` Ծառայութեան Եւ Նուիրական Առաքելութեան

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.