Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ խորհրդարանի խորհրդակցական լիագումար նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներուն իբրեւ օժանդակութիւն Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրուած մէկ միլիառ եւրոյի նուիրատուութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ այս իմաստով երեսփոխանական պլոքները համաձայնութիւն յայտնած են ներկայ գտնուելու նիստին եւ տարբեր պլոքներու կողմէ արտայայտուած են այնպիսի տեսակէտներ, որոնք կը հաստատեն միացեալ փաստաթուղթով մը դուրս գալու կարեւորութիւնը, տեղահանուածներուն...




















