ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ տեղեկատուական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանը, որուն հետ քննարկեց Մեթնի վերաբերող հարցեր:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ֆապրիցիօ Մարսելին, որուն հետ քննարկեց բարգաւաճման ծրագիրները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իհապ Համատէ յայտնեց, որ իսրայէլացիները անելի մատնուած են եւ կ՛ուղղուին Կազայի մէջ զինադուլի ընտրանքին համաձայն գտնուելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով եթէ լիբանանեան միասնականութիւն չըլլար, ապա Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը անձամբ Լիբանան չէր այցելեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Քարամէ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին հարցով Ազգային համախոհութիւն պլոքը իր դիտողութիւնները արձանագրած է, ինչպէս նաեւ մշակած է այդ տագնապէն դուրս գալու ուղեգիծ մը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը գրեիշխանական թղթածրար մը կը նկատուի Լիբանանի համար:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսպինա Քոքոլոփուլոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը: