Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Համասի պատասխանատու պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կազայի մէջ Համասի փոխնախագահ Խալիլ Հայէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի զարգացումները` բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերուն ու Կազային զօրակցող զինուորական ճակատներուն վրայ տիրող իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ արձանագրուած վերջին բանակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններն ու միջազգային քաղաքական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ուսանողական շարժումները:
Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա եւ Հայէ միացեալ կեցուածք ունեցած են Դիմադրութեան զինուորական ճակատները կազմ ու պատրաստ պահելու առումով` իրականացնել կարենալու համար պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն ծառայող ազնիւ նպատակները, որոնք պիտի իրագործուին Աքսայի ջրհեղեղ գործողութեան յաղթանակով:
Հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուեցան Դիմադրութեան տարբեր ճակատներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ բոլորին զոհողութիւնները: