ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ եւ տեղեկահաւաքի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ քրիստոնեաներուն իրաւունքները սակարկութեան առարկայի չի վերածեր: Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մեղք մը գործած կը նկատուի` խորհրդարանին կողմէ պատրաստուած յանձնարարականին անհամաձայն գտնուելով, որովհետեւ ան այդպիսով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին լիբանանեան միասնականութիւնը խզած կ՛ըլլայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով լիբանանեան միասնականութիւնը զգալի է, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ նման միասնական կեցուածք կարելի չէ որդեգրել նաեւ Իսրայէլի դէմ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քամիլ Շամուն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին շուրջ միասնականութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը յստակօրէն դրսեւորուած է խորհրդարանին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Վրոնեցքայի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրող Կազան Արաբական վեհաժողովէն օժանդակութիւն եւ պաշտպանութիւն չ՛աղերսեր, այլ` կը պահանջէ թշնամիին չզօրակցիլ եւ իբրեւ անոր պաշտպանը հանդէս չգալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի եւ Իտալիոյ դեսպաններ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանին եւ Ֆապրիցիօ Մարսելլին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Ֆերենց Չիլաղը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ նորընտիր սենտիքան կոչ ուղղեց խորհրդարանին եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն համաձայնութիւն գոյացնելու` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շուրջ:


