ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան ո՛չ սահմանադրութիւն կայ եւ ո՛չ ալ օրէնքի գործադրութիւն: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ պատերազմները կ՛աւարտին եւ մարդ արարածին կեանքին, ազատութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն վրայ յարձակումները կը դադրին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենց մտահոգութիւնները փարատած են` նկատի ունենալով բախումներուն հասած փուլը: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը զինուորական իր գործողութիւններուն առումով մագլցումներ կ՛արձանագրէ` պահպանելու համար թշնամին ետ մղելու տարազը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլա առեւանգած է Լիբանանը` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապին կարելի չէ լուծում մը ապահովել` նախքան երկրին ազատագրումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ այցելեց Սայտա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Ուսամա Սաատի եւ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ: Սայտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Քարամէ շեշտեց, որ տագնապներուն լուծումը կը սկսի նախագահական ընտրութեամբ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը պէտք է ազգային մօտեցումով եւ իմաստուն քայլերով լուծել, «իսկ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը չ՛ուզեր գործադրել», ըսաւ ան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց սուրիացիներուն դէմ մղուած արշաւներուն վերջ տալու` աւելցնելով, որ այդ արշաւները իր յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնեն պաղեստինցիներուն դէմ շղթայազերծուած ցեղապաշտական արշաւները, որոնք երկրին համար աղէտաբեր էին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիէն պահանջեց օրինական քայլերու դիմել Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարին դէմ` նկատի ունենալով անոր կողմէ առնուած քայլերը, որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուին: Միւս կողմէ, Ժահժահ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ քննարկեց ֆրանսական այն նախաձեռնութիւնը, որուն հիման վրայ հարաւային Լիբանանի ճակատի հանդարտեցում առաջադրուած է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն ու Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին շարժումը` նախագահական ընտրութեան գծով:


