Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի մեկնեցաւ Պահրէյն, ուր մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի 33-րդ վեհաժողովին` գլխաւորելով Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի եւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան:
Պահրէյնի օդակայանին մէջ Միքաթի դիմաւորուեցաւ Պահրէյնի թագաւորի ներկայացուցիչ շէյխ Նասեր պըն Համատ Ալ Խալիֆայի կողմէ` ընկերակցութեամբ Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ալի Հալապիի եւ Պահրէյնի մէջ Լիբանանի դեսպան Միրնա Խաուլիի:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վեհաժողովին արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ «Լիբանան Պահրէյնի խորհրդաժողովին կը մասնակցի այնպիսի վիճակի մը մէջ, երբ երկիրը կ՛ընկղմի տագնապներու ծովու մը մէջ եւ ալիքները անոր կը բախին բոլոր կողմերէն, սակայն Լիբանան միաժամանակ վստահ է, որ արաբական ցամաքը խոստմնալից նաւահանգիստն է, որ երկիրը կը պաշտպանէ փոթորիկներու սպառնալիքէն»:
Միքաթի վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը միջազգային օրինականութեան որոշումներուն նկատմամբ: Ան պահանջեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել հեռանալու լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ դադրեցնելու իր ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները: Ան նաեւ պահանջեց թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական եւ համապարփակ գործադրումը` միջազգային յստակ եւ յայտարարուած երաշխիքներով ամբողջական փաթեթի մը ընդմէջէն:
Միքաթի յոյս յայտնեց, որ կը վերաշխուժանայ Սուրիոյ գծով կապի յանձնախումբին աշխատանքը, որ կ՛օգնէ իրագործելու արաբական միացեալ տեսլական մը եւ մշակելու ֆինանսական գործիքակազմ մը` ապահովելու անհրաժեշտ նիւթական միջոցները սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դիւրացնելու եւ արագացնելու գծով:
Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանցիները մեծ կարեւորութիւն կ՛ընձեռեն արաբ եղբայրներու աշխուժ դերակատարութեան, մանաւանդ Լիբանանի հարցով հնգեակի գործունէութեան, օգնելու համար լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` իրականացնելու նախագահական ընտրութիւնը:
Միւս կողմէ, Միքաթի Մանամայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ իր նկատմամբ Ռուսիոյ զօրակցութիւնը` բոլոր մարզերուն մէջ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը մաղթեց, որ ռուսական յաւելեալ ջանք ի գործ դրուի` հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Պու Հապիպ, Հալապի, Մքերի եւ Հաժ Հասան: