Իսրայէլեան ուժերը չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծեցին Պաալպեքն ու Պեքաան, յատկապէս արեւմտեան Պեքաան` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ: Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին ռմբակոծեցին Նապի Շիթ, Պաալպեք, Հերմել, Պրիթել, Այթա Շաապ, Պլիտա, Պընթ Ժպէյլ, Քֆարքիլա, Խիամ, Ուազզանի, Տհայրա, Ատայսէ, Ժըպպայն, Արամթա եւ Մանսուրի գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ Ժապալ Ռիհանը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին Ռաս Նաքուրայի իսրայէլեան դիրքը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:
Հըզպալլա անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Թապարիա քաղաքին մէջ գտնուող իսրայէլեան Իլանիէ խարիսխին վրայ եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց` սպաննելով ու վիրաւորելով հոն գտնուող զինուորներու համախմբումը:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Գալիլիոյ մէջ գտնուող իսրայէլեան Միթաթ զօրանոցը, ինչպէս նաեւ գնդակոծեցին Մայրունի լերան վրայ տեղակայուած իսրայէլացի զինուորներու դիրքերը:
Հըզպալլա «Քաթիուշա» տիպի 40 հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ Կոլանի իսրայէլեան դիրքերն ու Գալիլիոյ իսրայէլեան զօրանոցները: