Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պաթրունի մէջ գրաւեց բեռնատար մը, որ զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէր:
Բեռնատարը Պաթրուն-Քֆար Ապիտա ճամբուն վրայ բացայայտուեցաւ, երբ բեռնատարին մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այս ուղղութեամբ հետաքննութիւն բացաւ:
Լիբանանեան դատական իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ այդ բեռնատարը Թուրքիայէն եկած է եւ անոր մէջ կան 500 ատրճանակներ եւ գնդացիրներ, որոնք պիտի յանձնուէին պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանի բնակիչներէն մէկուն: