Լը Տըրիան 24 Ժամուան Այցելութիւն Պիտի Տայ Լիբանան
Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, կէսօրէ ետք պիտի այցելէ Լիբանան: 24 ժամուան այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` ընդգծելու համար Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ի գործ դրած ջանքերուն լրջութիւնը` դիւրացնելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը: Նշենք, որ Լը Տըրիանի այս այցելութիւնը պիտի կատարուի Մաքրոնի եւ Միացեալ...




















