Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ռմբակոծումը Պատճառեց Չորս Զոհեր

May 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ առաւօտեան ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Նաժժարիէ գիւղաքաղաքը` պատճառելով երեք զոհեր` լիբանանցի մը, սուրիացի մը եւ անոր դուստրը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռամատիէ-Կանա ճամբուն վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով երկու զոհեր:

Միւս կողմէ, «Նաշրա» լրատուական կայքի Պեքաայի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Մասնաա-Ռաշայա ճամբուն վրայ թիրախաւորած է ինքնաշարժ մը: Հրթիռակոծումը պատճառած է մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր:

Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Մերժահիուն, Խիամ, Ատայսէ, Պընթ Ժպէյլ, Քֆար Համամ, Քֆարշուպա, Սուր, Նաժժարիէ, Կանա, Զահրանի, Պարաք, Աքիպիէ եւ Ատուսիէ գիւղաքաղաքները:

Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Ժիէի, Տամուրի, Իքլիմ Խարրուպի, Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի եւ Պէյրութի վերեւ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զըրհիթ զօրանոցը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ, ինչպէս նաեւ անոնք ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիա եւ Ժալ Օլամ դիրքերը:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ատասեր դիրքը` քանդելով հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Մթըլլէի մէջ գտնուող իսրայէլեան զրահապատներն ու հոն տեղակայուած իսրայէլացի զինուորները:

Հըզպալլա անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց իսրայէլեան Ժալ Տէյր դիրքին վրայ եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց` սպաննելով ու վիրաւորելով հոն գտնուող զինուորները, ինչպէս նաեւ Քըրիաթ Շմոնայի մէջ ռմբակոծեց իսրայէլեան բանակին համար ելեկտրոնային եւ զինուորական սարքեր արտադրող գործարան մը, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կը պատկանի:

Հըզպալլա անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց իսրայէլեան Կեհթոն խարիսխին վրայ` քանդելով իսրայէլեան հրետանիներու փաղանգի թիւ 411 զօրամասը:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Թիւ 1701 Բանաձեւը Չէ Մեռած»

Յաջորդը

Պըրրի Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.