Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի խորհրդակցական լիագումար նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներուն իբրեւ օժանդակութիւն Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրուած մէկ միլիառ եւրոյի նուիրատուութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նիստին սկիզբը Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանի այս նիստէն կախեալ է Լիբանանի ճակատագիրը:
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարց տուաւ, թէ արդեօք ինչո՞ւ նման խորհրդակցութիւն չի կատարուիր նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խորհրդարանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու ծրագիր չկայ` աւելցնելով, որ Լիբանանին տրամադրուած եւրոպական օժանդակութիւնները առանց նախապայմանի են:
«Եւրոպական այս օժանդակութիւնը պիտի ծառայէ տարրական ծառայութիւններ հոգալու, ինչպէս` ընկերային կարիքներ, ուսում, ջուր, սննդեղէն, առողջապահութիւն, դեղորայք եւ այլն», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը կարելի է ապահովել լիբանանցիներուն միջեւ գոյանալիք համախոհութեամբ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ 4 փաղանգներ տեղակայելով` հսկելու համար սուրիացի գաղթականներու ապօրինի Լիբանան ապօրինի մուտքին:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ եւրոպական նուիրատուութեան էութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը արգիլել է եւ Լիբանանի մէջ անոնց կեցութիւնը ֆինանսաւորել` աւելցնելով, որ ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններ կատարելու համար պէտք չէ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները քանդուին, կամ լարուածութիւն ստեղծուի երկու պետութիւններուն միջեւ:
Պասիլ հաստատեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը արգելակող հիմնական կազմակերպութիւնը գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւնն է, այլ խօսքով` «Եու. Էն. Էյչ. Սի. Ար.»-ը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարան ներկայացած են նախագահական ընտրութենէ բացի այլ քննարկում կատարելու, որովհետեւ անիկա սահմանադրութեան խախտում է, «սակայն կարելի չէ որոշ հարցերով լուռ մնալ եւ չմերժել Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու ծրագիրը», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց, որ ապօրինի կերպով Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա ուղարկուին` հաստատելով, որ սուրիական պետութեան պարտականութիւնն է ընդունիլ զանոնք:
Խորհրդարանը իր լիագումար նիստի աւարտին որդեգրեց յանձնարարական մը սուրիացի տեղահանուածներու հարցին եւ անոր հետեւանքներուն լուծման գործիքակազմին շուրջ` ներկայութեամբ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին:
Խորհրդարանը յանձնարարեց կազմել նախարարական յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատարին եւ մասնակցութեամբ այս թղթածրարի պատասխանատու նախարարներուն, բանակի հրամանատարութեան, ընդհանուր ապահովութեան, ներքին ապահովութեան եւ պետական ապահովութեան կառոյցներու ղեկավարութիւններուն` կապ հաստատելու եւ մօտէն հետապնդելու համար այս հարցը միջազգային ու շրջանային կողմերուն եւ զանազան կազմակերպութիւններուն, ի մասնաւորի սուրիական կառավարութեան հետ:
Յանձնարարուեցաւ նաեւ պատրաստել մանրամասն ծրագիր եւ ժամանակացոյց` սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնելու իրենց երկիր, բացի այն յատուկ պարագաներէն, որոնք պաշտպանուած են լիբանանեան օրէնքով եւ որոնք կը ճշդուին նախարարական յանձնախումբին կողմէ:
Խորհրդարանը իր յանձնարարականին ընդմէջէն ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն պահանջեց երեք ամիսը անգամ մը խորհրդարանին ներկայացնել տեղեկագիր` այս յանձնարարականի կէտերուն իրագործման ընթացքին մասին:
ՄԻՒՍ կողմէ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու հարցին դէմ լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելու: «Սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու ծրագիրը պէտք է ամէն գնով արգիլել», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է լաւապէս հետապնդէ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը` նախքան սուրիական կառավարութեան հետ գործակցիլն ու նախքան Պրիւքսելի խորհրդաժողովին կայացումը: