Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Պահրէյնի Թագաւորին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Մայիս 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Պահրէյնի մէջ կայացած  Արաբական լիկայի 33-րդ վեհաժողովին շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Պահրէյնի թագաւորին, վարչապետին եւ օտար բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ:

Միքաթիի հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի եւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Պահրէյնի թագաւոր շէյխ Համատ պըն Իսա պըն Սալման Ալ Խալիֆայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:

Պահրէյնի թագաւորը ողջունեց Միքաթին ու բարձր գնահատեց լիբանանեան-պահրէյնեան յարաբերութիւնները եւ ընդգծեց զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Պահրէյնի թագաւորը ընդգծեց Լիբանանի նկատմամբ իր երկրին մնայուն զօրակցութիւնը` հաստատելով, որ Պահրէյն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ կը ջանայ օժանդակել անոր բարգաւաճման:

Միքաթի իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Պահրէյնի թագաւորին` մաղթելով, որ Պէյրութի մէջ Պահրէյնի դեսպանատունը վերաբացուի:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պահրէյնի վարչապետ շէյխ Ահմետ Ապտալլա Ահմետ Սապահի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Միքաթի շնորհաւորեց շէյխ Սապահը` Պահրէյնի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարոքի վարչապետ Ազիզ Ախնուշի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-մարոքեան յարաբերութիւնները, եւ ընդգծուեցաւ զանոնք ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը:

Ախնուշ շեշտեց, որ Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու եւ Լիբանանին օժանդակութիւններու տրամադրումը շարունակելու:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի Կութիերեսէն պահանջեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները կասեցնելու համար:

Ան պահանջեց նաեւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը շարունակել` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը պիտի շարունակուի քննարկուիլ կառավարութեան կողմէ, մինչեւ անոր գծով լուծման յանգիլը:

 

Նախորդը

Պըրրի Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը

Յաջորդը

Էրտողան. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ստորագրուելիք Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պատմական Կարելիութիւն Է»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?