«Հասպայայի Մէջ Լրագրողներուն Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումը Պատերազմական Յստակ Ոճիր Է» Կ՛ըսէ «Մարդկային Իրաւանց Դիտարան»-ը
Մարդկային իրաւանց դիտարան (Հիումըն Ռայց Ուոչ) իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարեց. «25 հոկտեմբեր 2024-ին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի օդային յարձակումը, որուն պատճառով երեք լրագրողներ զոհուեցան եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան, հաւանաբար քաղաքայիններու վրայ դիտաւորեալ յարձակում էր եւ յստակ պատերազմական ոճիր»: Կազմակերպութիւնը իր հրապարակած զեկուցումին մէջ նշեց. «Իսրայէլեան բանակը յարձակում գործեց` օգտագործելով օդէն արձակուած ռումբեր, որոնց շարքին` ամերիկեան արտադրութեամբ «Միացեալ ուղղակի յարձակումի զինամթերք»: «Ամերիկեան կառավարութիւնը...




















