Լիբանանեան

Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»

Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Գոյանալիք որեւէ համաձայնութեան մէջ պիտի պահպանենք որեւէ խախտում արձանագրուելու պարագային գործելու մեր ազատութիւնը»: «Կարեւոր է ընդգծել, որ կ՛ուզենք Լիբանանի հետ համաձայնութիւն մը, որ երկար կը գոյատեւէ», աւելցուց Սահեր: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Լիբանանի հետ քաղաքական որեւէ կարգաւորման մեր պայմանը Իսրայէլի քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար գործելու իսրայէլեան բանակի իրաւունքին պահպանումն է»:...

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Վիճակը  Սկզբունքով Լաւ Է, Եւ Այն, Ինչ Որ Կը Մնայ,  Կարգ Մը Մանրամասնութիւններ Են»

Պըրրի. «Հոքշթայնի Շրջապտոյտը Վերջինն Է, Եւ Այս Անգամ Բանակցութիւնները Բանի Մը Վրայ Հիմնուած Են»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի շրջապտոյտը վերջինն է եւ այլ շրջապտոյտ պիտի չըլլայ»: Այս մասին հաղորդեց «Ախպար» օրաթերթը: «Այս անգամ բանակցութիւնները բանի մը վրայ հիմնուած են, կը սպասենք իսրայէլեան կողմի պատասխանին», նշած է Պըրրի: «Իսրայէլեան դիրքորոշումին վերաբերեալ երաշխիքները ամերիկացիներուն ուսերուն վրայ են», աւելցուցած է ան: Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ քննարկուող...

Փլասխարթ. «Թիւ 1701 Որոշումի Անլուրջ  Գործադրութիւնը Միայն Նոր Պատերազմի  Բռնկման Պիտի Յանգեցնէ»

Փլասխարթ. «Թիւ 1701 Որոշումի Անլուրջ Գործադրութիւնը Միայն Նոր Պատերազմի Բռնկման Պիտի Յանգեցնէ»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու հարցով տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցին զեկուցում մը: Փլասխարթ յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի յառաջիկայ զեկուցումին եւ «Կապոյտ գիծը շրջանցող թշնամական արարքներու մագլցում»-ին վրայ: Փլասխարթ...

Պորել Կիրակի Օր Լիբանան Կ՛այցելէ

Պորել Կիրակի Օր Լիբանան Կ՛այցելէ

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ձեռնարկած է 20-էն 24 նոյեմբեր երկարող միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը: Պորել կիրակի, 24 նոյեմբերին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Եւրոպական յանձնաժողովի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Կազայի մէջ աղէտալի կացութեան եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԸ մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Պէտք է հարաւային Լիբանանի մէջ 15 քիլոմեթր խորութեամբ արգելակիչ գօտի ստեղծել եւ բանակցելու փոխարէն զայն բռնագրաւել»: - ԻՍՐԱՅԷԼԻ պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին նախարար Կատի Այզենքոթ նշեց. «Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտիի ստեղծումը հրոսակային պատերազմի պիտի յանգեցնէ»: - «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն...

Այն Թինէի Մէջ 2 Ժամ Տեւողութեամբ  Ժողովէն Ետք.  Հոքշթայն. «Լուծումը Հասանելի Դարձաւ,  Եւ Կը Յուսամ Յառաջիկայ Քանի Մը Օրուան  Ընթացքին Լուծման Հասնիլ»

Այն Թինէի Մէջ 2 Ժամ Տեւողութեամբ Ժողովէն Ետք. Հոքշթայն. «Լուծումը Հասանելի Դարձաւ, Եւ Կը Յուսամ Յառաջիկայ Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Լուծման Հասնիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր տան մէջ ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի: Քննարկուեցան զինադադարի հաստատման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրման համար Հոքշթայնի ջանքերը: Միքաթի ժողովի ընթացքին նշեց. «(Լիբանանի) կառավարութեան...

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Ետ Մղել Մարուն Ռասի,  Խիամի, Շամհի Եւ Պայատայի Մէջ Իսրայէլեան  Ուժերու Յառաջխաղացքի Փորձերը

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Ետ Մղել Մարուն Ռասի, Խիամի, Շամհի Եւ Պայատայի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացքի Փորձերը

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ շարունակեցին Իսրայէլի սահմանակից գիւղերուն մէջ ետ մղել իսրայէլեան յառաջխաղացքի փորձերը եւ միեւնոյն ժամանակ հրթիռակոծել աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ իսրայէլեան խորքը: Հըզպալլա Մարուն Ռաս գիւղի հարաւային մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը թիրախաւորեց երկու իրերայաջորդ հրթիռակոծումներով: Կուսակցութիւնը միեւնոյն ժամանակ հրթիռակոծեց գիւղի հիւսիսային կողմին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան այլ ուժեր, կառավարուող հրթիռով հարուածելէ ետք տուն մը, ուր ապաստանած էին...

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Վիճակը  Սկզբունքով Լաւ Է, Եւ Այն, Ինչ Որ Կը Մնայ,  Կարգ Մը Մանրամասնութիւններ Են»

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Վիճակը Սկզբունքով Լաւ Է, Եւ Այն, Ինչ Որ Կը Մնայ, Կարգ Մը Մանրամասնութիւններ Են»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ երկու ժամ տեւողութեամբ իր հանդիպումէն ետք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է. «Կացութիւնը սկզբունքով լաւ է, եւ այն, ինչ որ կը մնայ, կարգ մը մանրամասնութիւններ են»: Պըրրի նշած է, որ իր ներկայացուցիչն ու ամերիկացիներուն ներկայացուցիչը կը քննարկեն կարգ մը թեքնիք հարցեր, զանոնք լուծելու համար նախքան Հոքշթայնի Իսրայէլ մեկնիլը,...

«Լիբանանն Ու Իսրայէլը Պատրաստակամութիւն  Յայտնեցին Կարճ Ժամանակի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու»  Յայտնեց Սալիվըն

«Լիբանանն Ու Իսրայէլը Պատրաստակամութիւն Յայտնեցին Կարճ Ժամանակի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու» Յայտնեց Սալիվըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց. «Լիբանանն ու Իսրայէլը պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարճ ժամանակի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու»: «Լիբանանի մէջ զինադադարի չհասանք, եւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի», նշեց Սալիվըն: Իսրայէլացի լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք կը կասկածինք, թէ կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մօտալուտ համաձայնութեան հասնիլ»: «Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան ոտնահարման պարագային...

Պու Հապիպ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Պու Հապիպ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ապահովական զարգացումները եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համար ընթացող դիւանագիտական ջանքերը, ՄԱԿ-ի եւ անոր յանձնախումբերուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան վերջին զարգացումները: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան գործակատար Ապտալլա...

ՖԻՆԻՒԼ. «Շարունակուող Տագնապին  Եւ Մեր Աշտարակներուն Վնասուելուն Պատճառով  Հսկողութեան Մեր Կարողութիւնը Շատ Սահմանափակ Է»

ՖԻՆԻՒԼ. «Շարունակուող Տագնապին Եւ Մեր Աշտարակներուն Վնասուելուն Պատճառով Հսկողութեան Մեր Կարողութիւնը Շատ Սահմանափակ Է»

Շարունակուող տագնապին եւ մեր աշտարակներուն վնասուելուն պատճառով հսկողութեան մեր կարողութիւնը շատ սահմանափակ է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերը: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը կիրակի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ շաբաթ կէսօրին ֆրանսացի եւ ֆինլանտացի խաղաղապահներէ բաղկացած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժ մը Պըտիաս գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարելու ընթացքին խումբ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՐԱՆԻ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի լիբանանցի ժողովուրդին յղած է բերանացի պատգամ մը, որուն մէջ նշած է. «Մենք ձեզի հետ կը զգանք ձեր ցաւերն ու տառապանքները: Մենք ձեզի հետ կը ցաւինք եւ ձեր նոյն զգացումները ունինք»: «Ձեր ցաւը մեր ցաւն է, ձեր տառապանքները` մեր տառապանքները, եւ մենք ձեզմէ անջատ չենք», աւելցուցած է Խամենէի: - ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»...

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան  Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշեր Խիամի ճակատի կացութիւնը «տաք» էր: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, որոնք նշեալ ճակատին վրայ 9 անգամ հարուածեցին իսրայէլեան ուժերը, որոնք, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, շրջանին մէջ շարունակուող բախումներու ընթացքին մեծ կորուստներ կը կրեն: «Մայատին» կը նշէ, որ անցնող 6 օրերուն ընթացքին յառաջանալու իսրայէլեան փորձերը Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ ձախողութեան մատնուած են:...

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը երէկ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր կ՛այցելէ Պէյրութ` շարունակելու համար զինադադարի հաստատման շուրջ խորհրդակցութիւնները»: Լիբանանեան քաղաքական աղբիւր մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հոքշթայն այսօր Պէյրութ կ՛այցելէ: «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի նստավայր Այն Թինէն կիրակի գիշեր ժամը 8:00-ին ստացած է ամերիկեան նախագիծին Հըզպալլայի պատասխանն...

Լիբանանեան Պետական Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին.  «Ամերիկեան Նախագիծը Վերջնական Ընթերցման  Կ՛ենթարկուի, Եւ Կը Ջանանք Անոր Վրայ  Վերջին Բարեփոխումները Կատարել»

Լիբանանեան Պետական Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին. «Ամերիկեան Նախագիծը Վերջնական Ընթերցման Կ՛ենթարկուի, Եւ Կը Ջանանք Անոր Վրայ Վերջին Բարեփոխումները Կատարել»

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Լիբանան դրական կերպով կ՛ընկալէ ամերիկեան առաջարկի նախագիծի պարունակութիւնը, անոր նկատմամբ դրական մօտեցում կը ցուցաբերենք»: «Ամերիկեան առաջարկը կը ձգտի զինադադարի հաստատման գործնական ծրագիր մը կառուցել», նշած է աղբիւրը: «Ամերիկեան առաջարկը նկատի կ՛առնենք մեկնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումէն եւ արգելք չունինք զինադադարի ու թիւ 1701 որոշումի հսկողութեան եռակողմ յանձնախումբի աշխատանքի ամրապնդման...

Միքաթի. «Հոքշթայն Շուտով Լիբանան Պիտի Ժամանէ  Յստակ Չեղող Թղթածրարները Դէմ Առ Դէմ Կը Լուծուին,  Եւ Իսրայէլի Զինուորական Գործունէութեան Ազատութեան  Վերաբերեալ Պայմանի Մասին Չեմ Լսած»

Միքաթի. «Հոքշթայն Շուտով Լիբանան Պիտի Ժամանէ Յստակ Չեղող Թղթածրարները Դէմ Առ Դէմ Կը Լուծուին, Եւ Իսրայէլի Զինուորական Գործունէութեան Ազատութեան Վերաբերեալ Պայմանի Մասին Չեմ Լսած»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն շուտով Լիբանան պիտի այցելէ, եւ յստակ չեղող թղթածրարները դէմ առ դէմ կը լուծուին»: «Ամերիկեան նախագիծին Լիբանանի պատասխանը դրական էր, սակայն կարգ մը կէտեր քննարկումի կը կարօտին, եւ կը յուսանք Լիբանանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար գոյացնել», նշեց Միքաթի: Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը «Թելեւիզիոն Արապի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Մեզի համար...

Միքաթիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Ապի Ռամիա. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Մօտալուտ Է, Եթէ Իսրայէլ Խուսանաւում Չկատարէ»

Միքաթիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ապի Ռամիա. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մօտալուտ Է, Եթէ Իսրայէլ Խուսանաւում Չկատարէ»

Երեսփոխան Ապի Ռամիա վարչապետարանէն յայտարարեց. «Հանդիպում ունեցայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի անունով կը խօսի, ինչպէս այդ մէկը նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կ՛ընէ»: «Լիբանանեան մթնոլորտը շատ դրական է. Լիբանան համաձայն գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն, եւ այսօր մենք կը սպասենք ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի այսօր Լիբանան ժամանումին ու Միքաթիի եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՊԵՆԻԱՄԻՆ Նեթանիահուի կառավարութեան մէջ հանրային կապերու նախկին փոխտնօրէն Մայքըլ Ֆրոյնտ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Պատմական առումով, հարաւային Լիբանանը իրականութեան մէջ հիւսիսային Իսրայէլ է, եւ շրջանին մէջ հրեայ ժողովուրդին արմատները խոր են»: «Իրականութիւնը այն է, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ներկայ սահմանին կեանքը ոչ աւելի քան մէկ դար է, անիկա ամբողջովին շինծու է...

Իսրայէլ Ահաբեկեց Մոհամետ Աֆիֆը

Իսրայէլ Ահաբեկեց Մոհամետ Աֆիֆը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռասուլ Նապհ շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ, ուր կը գտնուէր Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազին յարձակումի պահուն շէնքին մէջ չէր գտնուեր: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆն է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու...

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` ի տես Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումներուն: Քննարկումի նիւթ դարձաւ յատկապէս զինադուլի նախաձեռնութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ յուսատու տուեալներ ունի հաւանական զինադուլի մը կապակցութեամբ, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց ամբողջական գործադրութեան հրամայականով եւ Լիբանանի գերիշխանութեան յարգումով: Արծարծուեցաւ նաեւ գաղթականութեան խնդիրը եւ այդ իմաստով...

Page 161 of 986 1 … 160 161 162 … 986

Արխիւներ