Լիբանանեան

Միքաթի. «Մեզի Համար Որեւէ Լուծումի Գլխաւոր  Բանալին Պատերազմը Դադրեցնելը, Թիւ 1701 Որոշումը  Գործադրելն Ու Նախագահ Ընտրելն Է»

Միքաթի. «Այսօր Վերակառուցման Երթին Կը Սկսինք»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այսօր քանդուածի վերակառուցման երթին կը սկսինք եւ հարաւի մէջ անվտանգութեան վերականգնման համար մեր յոյսը կը կապենք բանակին»: «Կառավարութեան յանձնառութիւնը յայտնեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ, բոլոր կէտերով», նշեց Միքաթի: «Արտակարգ պահեր կ՛ապրինք, եւ պատասխանատուութիւնը մեծ ու հաւաքական է միախմբուելու եւ կառուցելու պետութիւն մը, որ ձեռքբերումները կը պաշտպանէ»,...

«Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Հետ Պիտի Աշխատինք Զինադադարի Համաձայնութեան Ամբողջական Գործադրութեան Համար»  Կ՛ըսեն Պայտըն Եւ Մաքրոն

«Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Հետ Պիտի Աշխատինք Զինադադարի Համաձայնութեան Ամբողջական Գործադրութեան Համար» Կ՛ըսեն Պայտըն Եւ Մաքրոն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ պիտի աշխատին Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան համար: Անոնք իրենց հաղորդագրութեան մէջ նշեցին.  «Վճռական ենք արգիլելու, որ տագնապը բռնութեան նոր փուլի պատճառ դառնայ»: Երկու երկիրներու նախագահները շեշտեցին, որ այս համաձայնութիւնը «Իսրայէլը պիտի պաշտպանէ Հըզպալլայէն ու Լիբանանէն գործող ահաբեկչական...

Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու

Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը պէտք է «ճամբան հարթէ» Կազայի մէջ նոյնօրինակ համաձայնութեան մը, «որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասուի»: Մաքրոն տեսաուղերձի մը ընթացքին յայտնեց.  «Այս համաձայնութիւնը պէտք է ճամբան հարթէ Կազայի մէջ նոյնօրինակ համաձայնութեան մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը սպասուի` ի տես Կազայի բնակչութեան հսկայական տառապանքին»: Ան շեշտեց, որ...

Հոքշթայն. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Կողմերը Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Միջազգային Օրէնքի Հիմամբ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունին»

Հոքշթայն. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Կողմերը Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Միջազգային Օրէնքի Հիմամբ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունին»

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն յայտնեց. «Պէտք է վստահ ըլլալ, որ զինադադարը թշնամական գործողութիւններու մնայուն դադրեցում մըն է: Չենք ուզեր 2006 թուականին պատերազմի աւարտով տեղի ունեցածը կրկնել, եւ պէտք է համաձայնութիւնը ամբողջովին գործադրել»: «Պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերն ու սկզբունքները գործադրել` այդ մէկը երաշխաւորող հսկողութեան մեքանիզմի կողքին», աւելցուց Հոքշթայն: Ամերիկացի պատուիրակը յոյս յայտնեց, որ «մենք համաձայնութեան...

Օսթին. «Ուաշինկթըն Չի Նախատեսեր, Որ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Աւելնան»

Օսթին. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Իսրայէլի, Լիբանանի, Ինչպէս Նաեւ Շրջանի Անվտանգութեան Համար Օգտակար Է, Եւ Ասիկա Պատմական Պահ Է»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան համար կարեւոր է, եւ ասիկա պատմական պահ է»: «Համաձայնութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններու պիտի արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ եւ դադրեցնել բռնութիւնն ու քանդումը», ըսաւ Օսթին: Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի ինքզինք Իրանի աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն պաշտպանելու իրաւունքին մեր աջակցութիւնը ուժեղ...

«Կ՛ուզենք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները  Զարգացնել Եւ Իսրայէլի Ու Յաւելեալ Արաբական  Երկիրներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Բարելաւել»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

Սալիվըն. «Յաջողեցանք Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյացնել` Առանց Ամերիկան Միջին Արեւելքի Մէջ Պատերազմին Մէջ Ներքաշելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ «Իսրայէլ տկարացուց Հըզպալլան» եւ քանդեց հարաւային Լիբանանի մէջ անոր ենթակառոյցը: Սալիվըն «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ասիկա առիթի սկիզբ է աւելի կայուն Միջին Արեւելքի մը համար, ուր Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու Ամերիկայի շահերը կ՛երաշխաւորուին»: «Յաջողեցանք Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել` առանց Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի պատերազմին մէջ ներքաշելու», աւելցուց ան: «Այժմ մեր...

Ժըպրան Պասիլ. «Յայտարարեցի՛նք,  Զգուշացուցի՛նք Եւ Պատրաստ Ենք Դիմադրելու`  Արգիլելու Նախագահի Լիազօրութիւններուն  Վաճառքը` Պըրրի Եւ Միքաթիի»

Պասիլ. «Այժմ Առաջնահերթութիւնը Համախոհական Նախագահի Ընտրութիւնն Է Եւ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շնորհաւորեց Լիբանանը թշնամական արարքներու դադրեցման առիթով, առ ի պատրաստութիւն գերիշխանութեան նշաձողին տակ վերջնական զինադադարին: «Մեր սիրելիներուն իրենց տուներ վերադարձը անհրաժեշտութիւն է: Այժմ առաջնահերթութիւնը համախոհական նախագահի ընտրութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնն է` սկսելու համար բարեկարգումը, վերաշինութիւնը, պետութեան ղեկավարութեամբ պաշտպանական ռազմավարութեան մշակումը եւ պատերազմի վերսկսումը արգիլելու համար Լիբանանը տագնապներէն ու առանցքներէն զերծ կացուցելը», շեշտեց Պասիլ:

Քումաթի .«Նասրալլայի Յուղարկաւորութիւնը Դիմադրութեան Որդեգրման Հանրաքուէ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Ձեռքը Կ՛երկարենք Հայրենիքի Մէջ Մեր Գործընկերներուն»

Քումաթի .«Նասրալլայի Յուղարկաւորութիւնը Դիմադրութեան Որդեգրման Հանրաքուէ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Ձեռքը Կ՛երկարենք Հայրենիքի Մէջ Մեր Գործընկերներուն»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր երկու ամիս շարունակուող պայքարէ, տոկալէ, կամքէ ետք յաղթանակ արձանագրեցինք, եւ թշնամին իր նպատակներէն ոչ մէկը իրագործեց»: «Երբ թշնամին ձախողեցաւ իր նպատակները իրագործել եւ կը հասնի զինուորական գետնի վրայ անելի կէտին, ապա ատիկա յաղթանակ է», շեշտեց Քումաթի: «Այն, ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ, արաբական ազգային...

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինադադարի Համաձայնութեան

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինադադարի Համաձայնութեան

Իսրայէլի մէջ պաշտօնատարներ երէկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ հիւսիսային ճակատի վրայ զինադադարը այս գիշեր յայտարարուի եւ վաղը առաւօտեան ուժի մէջ մտնէ»: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց. «Իսրայէլի մէջ նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ զինադադարը վաղը ուժի մէջ պիտի մտնէ»: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք պիտի հրապարակուի ամերիկեան-ֆրանսական...

Իսրայէլ Մայրաքաղաք Պէյրութի Եւ Անոր Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակումներուն Թափ Տուաւ

Իսրայէլ Մայրաքաղաք Պէյրութի Եւ Անոր Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակումներուն Թափ Տուաւ

Երէկ իսրայէլեան օդուժը մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց յարձակումներ, որոնք պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն բուռնն էին: Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի մէջ յարձակում գործեց Ռաս Էլ Նապըհ, Համրա, Ռաս Պէյրութ, Մազրաա, Զոքաք Էլ Պլաթ եւ Քուէյթի դեսպանատան շրջանին մէջ Սուլթան Իպրահիմ վայրէջքին «Սենթրօ Մոլ»-ի մօտ: Յարձակում մըն ալ տեղի ունեցաւ Պասթա Ֆաուքա շրջանին...

«Եօթներու Խմբակ»-ը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Մէջ «Անմիջական Զինադադարի Հաստատման» Եւ «Դիւանագիտական Լուծման»

«Եօթներու Խմբակ»-ը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Մէջ «Անմիջական Զինադադարի Հաստատման» Եւ «Դիւանագիտական Լուծման»

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ «անմիջական զինադադարի հաստատման»: «Ժամանակն է դիւանագիտական լուծումի հասնելու», շեշտեցին անոնք: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Եօթներու խմբակ»-ը Հռոմի մօտ իր գումարած ժողովէն ետք հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց. «Մենք կը զօրակցինք Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ անմիջական զինադադարի հաստատման համար ընթացող բանակցութիւններուն»:  

Պու Հապիպ. «Կը Յուսանք, Որ Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւնը Գոյանայ, Եւ Իսրայէլեան Կառավարութեան Ժողովի Արդիւնքին Կը Սպասենք»

Պու Հապիպ. «Կը Յուսանք, Որ Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւնը Գոյանայ, Եւ Իսրայէլեան Կառավարութեան Ժողովի Արդիւնքին Կը Սպասենք»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութեան ծիրին մէջ հինգ հազար զինուոր պիտի տեղակայենք հարաւային Լիբանանի մէջ»: Ան յոյս յայտնեց, որ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ` նշելով. «Կը սպասենք իսրայէլեան կառավարութեան ժողովի արդիւնքին»: «Միացեալ Նահանգներ կրնան հարաւային Լիբանանի մէջ ենթակառոյցի վերաշինման մէջ դերակատարութիւն ունենալ», յայտնեց Պու Հապիպ:

Մաուլաուի. «Լիբանանցիները Կառչած Են Իրենց Սիրելի Հողին, Եւ Պըրրիի Ու Միքաթիի Ջանքերը, Աստուած Ուզէ, Բարի Պտուղ Պիտի Տան»

Մաուլաուի. «Լիբանանցիները Կառչած Են Իրենց Սիրելի Հողին, Եւ Պըրրիի Ու Միքաթիի Ջանքերը, Աստուած Ուզէ, Բարի Պտուղ Պիտի Տան»

Խորհրդարանի նախագահ ՆեպիհՊըրրի Այն Թինէի մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ քննարկեց քաղաքական ու պատերազմի զարգացումները եւ ապահովական կացութիւնը: «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն տեղեկացանք իր եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի աշխատանքին ամբողջ մթնոլորտին մասին, ինչպէս նաեւ բոլոր ջանքերուն մասին, որոնք կը թափուին հասնելու համար արդիւնքի մը, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կը պաշտպանէ, եւ զինադադարի, ամբողջ Լիբանանի եւ հարաւի...

Ֆատլալլա. «Լիբանան Զինադադարէն Առաջ Վտանգաւոր Ու Զգայուն Ժամերէ Կ՛անցնի, Եւ Կուսակցութիւնը Պատերազմի Աւարտէն Ետք Պիտի Գոյատեւէ»

Ֆատլալլա. «Լիբանան Զինադադարէն Առաջ Վտանգաւոր Ու Զգայուն Ժամերէ Կ՛անցնի, Եւ Կուսակցութիւնը Պատերազմի Աւարտէն Ետք Պիտի Գոյատեւէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Լիբանան զինադադարէն առաջ վտանգաւոր ու զգայուն ժամերէ կ՛անցնի»: «Կուսակցութիւնը (Հըզպալլան, «Ա.») պատերազմի աւարտէն ետք պիտի գոյատեւէ», շեշտեց ան: «Կուսակցութեան ընկերային եւ առողջապահական մասնաճիւղերը պատրաստ են պատերազմին յաջորդող օրը օգնելու տարբեր հարցերու, որոնց շարքին են տեղահանուածներուն տունդարձն ու վերաշինութիւնը»: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Մոհամետ Ռաատ իր կարգին «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած...

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին ժողով մը պիտի գումարէ: «Նաշրա» կայքը նախապէս հաղորդած էր, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախարարի պաշտօնակատարները  ժամը 9:30-ին հրաւիրած է նիստի մը` հետեւելու համար Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան զարգացումներուն: - ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերը յայտարարեցին. «Կը զօրակցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, կը...

Մինչ Իսրայէլեան Օդուժը Շարունակեց Բուռն Ու  Իրերայաջորդ Յարձակումներ Գործել Հարաւային  Արուարձաններուն Վրայ, Պայատայի Մէջ  «Մերքաւա»-ներու Նոր «Ջարդ» Տեղի Ունեցաւ

Մինչ Իսրայէլեան Օդուժը Շարունակեց Բուռն Ու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Գործել Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ, Պայատայի Մէջ «Մերքաւա»-ներու Նոր «Ջարդ» Տեղի Ունեցաւ

Մինչ իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց իրերայաջորդ եւ բուռն յարձակումներ գործել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու տարբեր շրջաններուն վրայ, Հըզպալլայի մարտիկները թակարդ մը լարելով հարաւային Լիբանանի Պայատա գիւղի արեւելեան մերձակայքին մէջ 45 վայրկեանի ընթացքին «Մերքաւա» տիպի 5 հրասայլեր վնասազերծեցին` անոնց անձնակազմերու շարքերուն մէջ պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Հըզպալլա նաեւ «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը ոչնչացուց Տէյր Միմաս գիւղին արեւմտեան ծայրամասին մէջ գտնուող Թալլեթ Լուպիէի...

Զինադադարի Համաձայնութիւնը` Մօտալո՞ւտ

Զինադադարի Համաձայնութիւնը` Մօտալո՞ւտ

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. «Երէկ գիշեր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ հիւսիսի մէջ կարգաւորման քննարկում տեղի ունեցաւ: Քննարկումը աւարտեցաւ գիշերը, որմէ ետք Իսրայէլի մէջ քաղաքական պաշտօնատարներ յայտնեցին. «Մենք կարգաւորման ճամբուն վրայ ենք: Կրնայ ըլլալ, որ վաղը չստորագրուի, սակայն բոլոր կողմերուն մօտ փափաք գոյութիւն ունի, եւ ընթացքը մինչեւ հիմա դրական է»: Քաղաքական պաշտօնատար մը երէկ առաւօտեան ըսած է. «Տակաւին կան...

Պու Սաապ. «Զինադադարի Հարցին  Վերաբերեալ Վճռման Պահուն Մօտեցանք»

Պու Սաապ. «Զինադադարի Հարցին Վերաբերեալ Վճռման Պահուն Մօտեցանք»

Խորհրդարանի դիւանը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, քարտուղարներ Հատի Ապու Հասանի եւ Ալեն Աունի, յանձնակատարներ Միշել Մուսայի, Քարիմ Քապպարայի եւ Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի: Պու Սաապ ժողովէն ետք յայտնեց. «Իբրեւ խորհրդարանի դիւան ժողով գումարեցինք նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ քննարկեցինք օրակարգը...

Կոչ Ուղղելով Լիբանանի Հետ  Համաձայնութիւնը Դադրեցնելու`  Պեն Ղաֆիր. «Անիկա Մեծ Սխալ Եւ Հըզպալլան  Ոչնչացնելու Պատմական Առիթի Կորուստ Է»

Կոչ Ուղղելով Լիբանանի Հետ Համաձայնութիւնը Դադրեցնելու` Պեն Ղաֆիր. «Անիկա Մեծ Սխալ Եւ Հըզպալլան Ոչնչացնելու Պատմական Առիթի Կորուստ Է»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը մեծ սխալ է»: Պեն Ղաֆիր համաձայնութիւնը նկատեց «Հըզպալլան ոչնչացնելու պատմական առիթի կորուստ»` նշելով. «Կը հասկնամ բոլոր սահմանափակումներն ու պատճառները, սակայն տակաւին անիկա մեծ սխալ կը մնայ»: «Պէտք է ականջ տալ ղեկավարներուն, որոնք մարտի դաշտին մէջ կը կռուին, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու ղեկավարներուն», ըսաւ ան: «Մասնաւորաբար հիմա, երբ Հըզպալլան կը պարտուի...

Լարիժանի. «Հըզպալլան Լիբանանի Եւ Շրջանի  Պաշտպանութեան Մէջ Հզօր Է, Եւ Զայն Լիբանանի  Քաղաքական Հաւասարակշռութենէն  Հեռացնելը Սեղանի Վրայ Չէ»

Լարիժանի. «Հըզպալլան Լիբանանի Եւ Շրջանի Պաշտպանութեան Մէջ Հզօր Է, Եւ Զայն Լիբանանի Քաղաքական Հաւասարակշռութենէն Հեռացնելը Սեղանի Վրայ Չէ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Զինուորական պատասխանատուները կը սերտեն Իսրայէլին հակադարձելու տարբեր ընտրանքները, եւ ատիկա ճշգրտութիւն ու գաղտնապահութիւն կը պահանջէ»: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լարիժանի շեշտեց. «Հըզպալլան Լիբանանի եւ շրջանի պաշտպանութեան մէջ հզօր է, եւ Լիբանանի պատասխանատուները բանակցութիւններուն մէջ ատիկա նկատի կ՛ունենան»: «Հըզպալլան ինքնիր հրթիռները կ՛արտադրէ, եւ զայն Լիբանանի քաղաքական...

Page 159 of 986 1 … 158 159 160 … 986

Արխիւներ