Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյս Յայտնելով, Որ Հոքշթայնի Գոյացուցած Համաձայնութիւնը Կը Գործադրուի. Պորել. «Իսրայէլեան Կառավարութենէն Ամբողջական Եւ Վերջնական Պատասխանի Կը Սպասենք»

November 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ այցելեց Պէյրութ:

Ան Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ ապահովական ու քաղաքական զարգացումները, յարձակումին տարբեր ոլորտներու վրայ ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ յարձակումը դադրեցնելու քաղաքական ջանքերը:

Պորել հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Առաքելութիւնս այստեղ` Լիբանանի մէջ, Պէյրութի մէջ աւարտել ընտրեցի, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցողը, մասնաւորաբար այստեղ` Պէյրութի մէջ տեղի ունեցողը միջազգային ընտանիքը քննութեան կ՛ենթարկէ, եւ մենք պէտք է իսկապէս տեսնենք, թէ պատրաստ եւ կարո՞ղ ենք խաղաղութիւն հաստատելու:

«Այս տագնապը միջազգային ծաւալ ստացաւ, եւ միջազգային ընտանիքը չի կրնար այստեղ տեղի ունեցողին դիմաց ձեռնածալ մնալ: Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան բացակայութեան գինը չափազանց բարձր դարձաւ եւ անիկա անտանելի է, մարդիկ ռմբակոծման տակ կը մահանան:

«Սեպտեմբերին Լիբանան եկայ, եւ տակաւին կը յուսայի, որ կը կարողանանք Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումին ճամբով ծաւալելիք համապարփակ պատերազմի բռնկումը արգիլել: Երկու ամիս ետք Լիբանանը հարաւի մէջ բռնկած պատերազմին, տասնեակներով գիւղերու ամբողջական քանդումին, Պէյրութն ու Պաալպեքը թիրախաւորող օդային յարձակումներուն եւ Թել Աւիւ հասնող հրթիռներուն պատճառով տապալման եզրին է: Մարդկային գինը չափազանց բարձր է, եւ Իսրայէլի օդային յարձակումները Լիբանանի մէջ աւելի քան 3500 անձերու կեանքերը խլեցին ու պատճառեցին մեծաթիւ վիրաւորներ, որոնց շարքին` մեծաթիւ շտապ օգնութեան ու հիւանդանոցներու մէջ աշխատաւորներ, որոնք վիրաւորուեցան հիւանդանոցներու մէջ, որոնք երկու ամիսէ ի վեր կը թիրախաւորուին:

«Յառաջ ընթանալու համար միայն մէկ ուղի կը տեսնենք` անմիջական զինադադարի հաստատում եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կողմերուն կողմէ անմիջական ու ուղղակի գործադրում», նշեց Պորել:

«Միեւնոյն ժամանակ, եւ այդ դադրեցման հասնելու համար կ՛ողջունեմ ջանքերը, զորս Ամերիկան ու Ֆրանսան կը թափեն, եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի երկու կողմերուն: Լիբանանեան բանակին Լիթանիի հարաւ տեղակայումն ու Հըզպալլայի մարտիկներուն, նաեւ իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը, ինչպէս նաեւ օդի մէջ, ցամաքի վրայ եւ ծովու վրայ լիբանանեան գերիշխանութեան տարածումը կարեւոր են: Արտօնեցէ՛ք ինծի, որ ողջունեմ նաեւ աշխատանքը ՄԱԿ-ի առաքելութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահներուն, որոնք կարեւոր դեր կը կատարեն: Հարաւային Լիբանանի մէջ աւելի քան 10 հազար խաղաղապահ տեղակայուած է, եւ անոնցմէ ոմանք նաեւ վիրաւորուեցան, եւ քանի մը օր առաջ քանի մը իտալացիներ վիրաւորուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախաւորած յարձակումներուն պատճառով, որոնք ամբողջովին անընդունելի են: ՖԻՆԻՒԼ-ը Եւրոպական Միութենէն մեծ աջակցութիւն կը ստանայ, կ՛ուզեմ նշել նաեւ աջակցութիւնը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին, որ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ անզուգական դերակատարութիւն ունի: ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու տրամադրած ծառայութիւնները որեւէ այլ կողմ չի կրնար տրամադրել, եւ մենք կը դատապարտենք նաեւ Իսրայէլի դերակատարութիւնը եւ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` չգործադրելու ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն արգիլելու իր որոշումը»:

«Մենք` իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, կը զօրակցինք լիբանանցի ժողովուրդին, լիբանանեան բանակին ու լիանանեան հաստատութիւններուն, եւ պատրաստ ենք 200 միլիոն եւրօ յատկացնելու լիբանանեան բանակին, ոչ միայն իբրեւ ֆինանսաւորում, այլ նաեւ թեքնիք գետնի վրայ օժանդակութիւն, եւ նոյնը պիտի ընեմ եւ զայն պիտի յայտարարեմ լիբանանեան բանակի հրամանատարին առջեւ», նշեց Պորել:

«Զինադադարի եւ տեւական կարգաւորման հասնելու ջանքերու յաջողութիւնը կողմերուն ձեռքն է: Այս պատերազմի հարցը լուծելու համար լիբանանցի ղեկավարները պէտք է տէր կանգնին իրենց քաղաքական պատասխանատուութիւններուն` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ եւ վերջ տալով իշխանութեան այս երկարատեւ դատարկութեան, որ երկու տարին շրջանցեց:

«Այսօր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեցի այդ հարցը եւ բոլոր քաղաքական կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` Լիբանանի ժողովուրդին առջեւ իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու: Տարբեր ճակատներու վրայ շատ աշխատանք կայ կատարելիք: Լիբանանի ժողովուրդը հրաշալի առատաձեռնութիւն ու ներքին միասնականութիւն ցոյց տուաւ, ո՛չ միայն սուրիական պատերազմէն տեղահանուածները պատսպարելով, ոչ միայն տնտեսական տագնապներու, նաւահանգիստի պայթումին դէմ յանդիման կանգնելով, այլ  նաեւ ներկայիս հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմէն փախուստ տուած այսքան մեծաթիւ լիբանանցիներուն թիկունք կանգնելով», ըսաւ Պորել:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նշեց. «Պէտք է իսրայէլեան կառավարութեան եւ Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնենք, որպէսզի ընդունին զինադադարի ամերիկեան առաջարկը: Ատոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, եւ այդ համաձայնութիւնը իսրայէլեան կառավարութեան մօտ առկախուած հաւանութեան կը սպասէ, եւ իբրեւ միջազգային ընտանիք պէտք է աշխատանք տանինք յարգելու միջազգային օրէնքը, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ սովը իբրեւ պատերազմի զէնք կ՛օգտագործուի, եւ միջազգային օրէնքը կը խախտուի Կազայի ամբողջական շրջափակումով եւ Լիբանանի մէջ մահացող անձերու թիւով»:

«Միջազգային քրէական դատարանի որոշումները քաղաքական չեն եւ որդեգրուած են միջազգային օրէնքի հիմամբ ու պէտք է բոլորին վրայ գործադրուին: Մենք ուժեղ կերպով կը զօրակցինք Միջազգային քրէական դատարանին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք այս ուզեցի ձեզի փոխանցել, եւ կը յուսամ, որ ամերիկացի յատուկ պատուիրակութեան հետ գոյացած համաձայնութիւնը վերջապէս կը գործադրուի եւ կը հասնինք զինադադարի, ռմբակոծումի եւ Լիբանանի մէջ կեանքերու կորուստի դադրեցման», եզրափակեց Պորել:

Պատասխանելով «լսեցիք նոյնիսկ եթէ տակաւին զինադադարի չենք հասած հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին, եւ ի՞նչ է լիբանանցի ժողովուրդը փրկելու համար Հըզպալլային ձեր յորդորը» հարցումին, Պորել ըսաւ. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ խօսակցութեանս հիմամբ` նախ եւ առաջ պէտք է զինադադարը գործադրել, եւ ջանք պէտք է թափել կարելի եղածին չափ շուտ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդը կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի, եւ անոնք նաեւ զինադադարի կարիք ունին: Լիբանանի մէջ նաեւ պէտք է երկրին գերիշխանութիւնը իրագործուի լիբանանցի ժողովուրդին ձեռքով եւ ոչ թէ այլ պետութիւններու միջամտութեան ճամբով եւ ոչ` բոլորին կողմէ լիբանանցի ժողովուրդի գերիշխանութեան առեւանգումով: Այս հարցերը պէտք է լուծուին երկրէն ներս կամ դուրս»:

Պորել աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ բանակին աջակցիլ` «տրամադրելով 40 միլիոն եւրօ»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Անկախութեան Տօնին Առիթով Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան

Յաջորդը

Հըզպալլայի Կատարած Հրթիռակոծումը Թել Աւիւի Մէջ Մեծ Վնասներ Պատճառեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.