Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Պէյրութէն մեկնեցաւ Թել Աւիւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիի եւ ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոտ Տերմերի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը:
Իսրայէլացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրեց»:
«Տակաւին Լիբանանի վերաբերեալ համաձայնութեան մէջ կարգ մը բացեր կան», աւելցուցին անոնք:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ նշեցին. «Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն այս գիշեր մեկնի Ուաշինկթըն, եւ յառաջիկայ շաբթուընէ առաջ որեւէ համաձայնութեան յայտարարութիւն չի նախատեսուիր»:


