Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Մեր Պարտականութիւնը Կատարեցինք. Կը Գտնուինք Վճռորոշ Օրերու Դիմաց, Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բարեփոխում Չկայ»

November 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Այսօր մթնոլորտը երէկուընէ աւելի լաւ է: Մեր պարտականութիւնը կատարեցինք: Կը Սպասենք զինադադարի հաստատման ամերիկեան առաջարկին Իսրայէլի պատասխանին, որպէսզի ըստ այնմ կողմնորոշուինք»:

Ինչ կը վերաբերի ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի յաւելեալ օր մը Պէյրութ մնալու պատճառին, Պըրրի «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց. «Այն ինչ որ այսօր կը տեսնէք, երկու շաբաթ առաջ անոր վրայ աշխատցուած է, եւ անցնող երկու օրերուն 13 կէտերէ բաղկացած ամբողջ համաձայնութիւնը մանրամասն եւ մանրակրկիտ կերպով քննարկեցինք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վրայ յաւելում կա՞յ, խորհրդարանի նախագահը վճռականօրէն ըսաւ. «Երբեք, նոյն համաձայնութիւնը, նոյնիսկ գործադրութեան նոյն մեքանիզմը կը մնան»:

«Վճռորոշ օրերու դիմաց կանգնած ենք. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կա՛մ կ՛ընդունի եւ պատերազմը կ՛աւարտի, կա՛մ իր սովորութեան համաձայն զայն կը մերժէ, եւ դէպի աւելի վատ բեմագրութիւններ կ՛ուղղուինք», շեշտեց Պըրրի:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հոքշթայն Լիբանան գտնուելուն ընթացքին Թել Աւիւի հետ համակարգում կը կատարէ՞ր, Պըրրի նշեց. «Ամէն պարագայի, Իսրայէլի մէջ դեսպան ունին, սակայն այսքան նուրբ խնդիր մը հեռաձայնով չի վճռուիր: Հոքշթայն Թել Աւիւ հասաւ, եւ շուտով առաջարկին վերաբերեալ իսրայէլեան պատասխանին հիմամբ պատկերը պիտի յստականայ»:

Անդրադառնալով պատերազմի ընթացքին կամ անոր աւարտէն ետք ներքին սադրանքի ստեղծման վերաբերեալ ոմանց արտայայտած մտավախութիւններուն` Պըրրի յայտնեց. «Տեղահանուածները հիւրընկալելու երեւոյթը կը հերքէ ներքին պատերազմի որեւէ հաւանականութիւն: Այս տեսարանը կը փաստէ լիբանանցի ժողովուրդին միախմբութեան իսկութիւնը, հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն, որոնք երբեմն մինչեւ սուր մասնատումի կը հասնին, սակայն ամէնէն դժուար եւ զգայուն կացութեան մէջ մեր տեսած համակեցութիւնը կը հաստատէ լիբանանցիին իսկութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը»:

Պատասխանելով Իսրայէլի հետ համաձայնութեան վրայ ոմանց յարձակումին եւ այն խօսքին, թէ անիկա ի շահ Լիբանանի չէ, Պըրրի ժպտաց:

Նախորդը

Միքաթի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին Եւ Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ` Լիբանանի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Նախագիծին Եւ Բանակցութիւններուն Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.