Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Անցանք փուլէ մը, ուր շիի զոյգը բարձրացուց «Լիբանանի մէջ կրակոցը պիտի չդադրի առանց Կազայի մէջ զայն դադրեցնելու» կարգախօսը: Այդ դիրքորոշումով չհամոզուեցանք եւ անոր համաձայն չեղանք, այլ 8 ապրիլին գրաւոր դիմում մը ներկայացուցինք ՄԱԿ-էն զինադադարի որոշում պահանջելով»:
«Կուսակցութեան (Հըզպալլային, «Ա.») հարց տուինք, թէ ո՞վ ձեզի ըսաւ, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ կրակոցը պիտի դադրեցնէ, եթէ Կազայի մէջ պատերազմը դադրի», նշեց ան` աւելցնելով. «Եւ այդ տեղի ունեցաւ: Այսօր Լիբանանը ուշացած կերպով զինադադար կը պահանջէ, իսկ Իսրայէլ կը մերժէ»:
Պասիլ յայտնեց. «Այսօր շիի զոյգը կը բարձրացնէ այն կարգախօսը, թէ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն չկայ առանց զինադադարի: Ընդհանրապէս, երբ զինադադարի պայման կը դնես, ատիկա թշնամիին վրայ ճնշում բանեցնելու պայման պէտք է ըլլայ: Դուք այս պայմանը կը դնէք Լիբանանի ու լիբանանցիներուն վրայ: Այս ընտրութիւնը ի շահ Լիբանանի է, Իսրայէլին ատո՞վ կը սպառնաք: Եթէ ըսէինք, որ Իսրայէլին արգիլուած է նախագահ ընտրել նախքան Լիբանանի վրայ իր յարձակումը դադրեցնելը, կրնայինք հասկնալ»:
«Ո՞վ ըսաւ ձեզի, որ երբ կ՛ուզէք նախագահ ընտրել Իսրայէլը ձեզի պիտի արտօնէ: Իսրայէլ կրնայ մէկ անօդաչու թռչող սարքով սպառնալ կամ թիրախաւորել լիբանանցի երեսփոխաններ` ընտրութիւնը արգիլելու համար», նշեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Պասիլ կոչ ուղղեց` «Լիբանանն ու անոր շահերը անոր կամքէն դուրս եղող հարցերու կապելէ» դադրելու:
«Եթէ պատերազմը դադրի, առանց նախագահի՞ կը մնանք», հարց տուաւ ան:
«Հանրապետութիւն կամ երկիր չկայ առանց նախագահի: Երկիրն ու անոր հաստատութիւնները մեր բոլորէն կարեւոր են», աւելցուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Դիմադրութիւնը պէտք է ի սպաս երկրին ըլլայ եւ ոչ թէ երկիրը` ի սպաս Դիմադրութեան», շեշտեց Պասիլ:


