Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր Լիբանանի Հանրապետութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներու յուշարձանին առջեւ:
Նախարարութեան մէջ վարչապետի պաշտօնակատարը դիմաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ու բարձրաստիճան սպաներու կողմէ:
Միքաթի այցելեց նախարարի պաշտօնակատար Սլիմի գրասենեակ, ուր քննարկուեցաւ ներկայ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի գրասենեակ եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ապահովական կացութիւնն ու մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի դերակատարութեան ամրապնդումը:
Միքաթի երէկ նաեւ յայտարարեց. «Հակառակ բոլոր պայմաններուն, լիբանանցիները կը յամառին իրենց անկախութիւնը տօնել, որովհետեւ կը հաւատան, թէ անիկա ազատութեան, գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան իմաստ կը պարունակէ եւ իրենց հոգիներուն մէջ աւելի լաւ վաղուան յոյս կ՛արթնցնէ»:
«Բանակը, որ կը պատրաստուի հարաւային Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը ամրապնդելու, իր սպաներու եւ անդամներու կեանքերը կը զոհաբերէ յանուն հայրենիքի հողին, գերիշխանութեան ու անկախութեան` ամրապնդուելով լիբանանցիներու վստահութեամբ, թէ ինք լիբանանցիներուն յոյսն ու ապաւէնն է», ընդգծեց Միլքաթի:


