Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Անկախութեան տօնին առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս տարի` անկախութեան 81-ամեակը ցաւալի է, լոյսին տակ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումին, որ լիբանանցիներուն կեանքերը կը խլէ, անոնց ապրուստի միջոցներն ու սեփականութիւնները կը քանդէ: Եւ աւելի ցաւալին արտաքին աշխարհի անհոգութիւնն է եւ ներքին պառակտումն ու շփոթահարութիւնը»:
«81 տարի ետք, այլեւս պէտք է բառին բուն իմաստով իսկական անկախութիւն ունենանք: Եւ ատիկա իրականացնելու պայմանը բոլորիս կողմէ Լիբանանը առաջնահերթ նկատելն է, խօսքով ու գործով: Պէտք է պետութեան ու անոր օրինական հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուինք, յարգենք սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն դիմաց հաւասար ըլլանք, կառչած մնանք մեր ազգային միասնականութեան եւ հեռու մնանք համայնքային ու յարանուանական պառակտումներէն», նշեց Հարիրի:
«81 տարի ետք, այլեւս լիբանանցիներուն իրաւունքն է ապրիլ բնական պետութեան մէջ, նաեւ անոնց իրաւունքն է, որ իրենց երկիրը այս կամ այն կողմին քաղաքական եւ զինուորական պատգամներ յղելու նամակատուփ չմնայ», ըսաւ նախկին վարչապետը:
Հարիրի նաեւ յայտնեց. «Այսօր, աւելի քան երբեք, լիբանանցիներուն իրաւունքն է ունենալ հանրապետութեան նախագահ, լիարժէք կառավարութիւն, ազդու կառավարում, պետութեան կառուցման ուղիին վրայ արդիւնաւէտ հաստատութիւններ, եւ նախ եւ առաջ` Լիբանանին կառչիլ»:


