Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Իսրայէլ Քացի հետ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին այսօր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ խօսեցաւ` քննարկելու շրջանային սպառնալիքներն ու Իսրայէլի ներկայ գործողութիւնները, եւ վերահաստատեց Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու աներեր յանձնառութիւնը»:
Օսթին նաեւ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Լիբանանի մէջ կացութեան դիւանագիտական լուծման նկատմամբ եւ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղեց շարունակելու Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտալի կացութեան բարելաւման քայլեր առնելու:
Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ շեշտեց. «Պէտք է երաշխաւորել լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի անվտանգութիւնը»:


