Մարդկային իրաւանց դիտարան (Հիումըն Ռայց Ուոչ) իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարեց. «25 հոկտեմբեր 2024-ին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի օդային յարձակումը, որուն պատճառով երեք լրագրողներ զոհուեցան եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան, հաւանաբար քաղաքայիններու վրայ դիտաւորեալ յարձակում էր եւ յստակ պատերազմական ոճիր»:
Կազմակերպութիւնը իր հրապարակած զեկուցումին մէջ նշեց. «Իսրայէլեան բանակը յարձակում գործեց` օգտագործելով օդէն արձակուած ռումբեր, որոնց շարքին` ամերիկեան արտադրութեամբ «Միացեալ ուղղակի յարձակումի զինամթերք»:
«Ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք է քաղաքայիններու վրայ ապօրինի իրերայաջորդ զինուորական օդային յարձակումներուն պատճառով առկախէ Իսրայէլին զէնքերու փոխանցումը, որ ամերիկացի պաշտօնատարները մեղսակից կը դարձնէ պատերազմական ոճիրներու», շեշտեց Մարդկային իրաւանց դիտարանը:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ հարաւային Լիբանանի Հասպայա գիւղաքաղաքին մէջ «Հասպայա վիլէյճ քլապ»-ի վրայ յարձակումը կատարուած է կանուխ առաւօտուն, երբ այդտեղ աւելի քան 12 լրագրողներ աւելի քան 3 շաբաթներէ ի վեր կը մնային:
Մարդկային իրաւանց դիտարանը ընդգծեց, որ շրջանին մէջ յարձակումի պահուն զինուորական ուժերու կամ մարտական ու զինուորական գործունէութեան որեւէ փաստ չէ գտած:


