Լիբանանեան

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ  Նախարարութեան Մէջ Մարմնակրթութեան  Բաժանմունքի Պաշտօնեաներուն Հետ

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախարարութեան Մէջ Մարմնակրթութեան Բաժանմունքի Պաշտօնեաներուն Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան մէջ մարմնակրթութեան բաժանմունքի պաշտօնեաներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ապագայ ծրագիրները, որոնց շարքին` մարզական մեծ ծրագիր մը, որ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է եւ մօտ օրէն պիտի յայտարարուի: Նախարարը մտիկ ըրաւ պաշտօնեաներուն իրենց աշխատանքի դրական եւ ժխտական կողմերուն, իրենց դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխատանքի եւ միութիւններուն, ֆետերասիոններուն եւ քաղաքացիներուն տրամադրուած ծառայութիւններու որակը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հանդիպումը «լաւ եւ հանգիստ» էր: Արաղչի Սալամը հրաւիրած է Թեհրան այցելելու, իսկ վերջինս պատասխանած է. «Աստուած ուզէ հրաւէրին կ՛ընդառաջենք, երբ պայմանները յարմար ըլլան»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ Սալամին կոչ ուղղած է` դէպի Լիբանան իրանեան թռիչքներու արգիլման որոշումը ջնջելու, սակայն վարչապետը...

Արաղչի. «Իրան Կը Յարգէ Լիբանանի Ներքին  Հարցերը, Որոնց Միջամուխ Չ՛ըլլար»

Արաղչի. «Իրան Կը Յարգէ Լիբանանի Ներքին Հարցերը, Որոնց Միջամուխ Չ՛ըլլար»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Ան Լիբանան հասնելէն ետք շեշտեց. «Կը յարգենք Լիբանանի ներքին հարցերը եւ անոնց միջամուխ չենք ըլլար: Մենք կը զօրակցինք Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան, եւ կը յուսանք անոր հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալ` հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի վրայ»: «Գահիրէէն ետք Պէյրութ այցելութիւնս շրջանային շրջապտոյտիս ծիրին մէջ է, եւ հանդիպում պիտի ունենամ երկրին...

«Լիբանան Մանրամասն Կերպով Կը Գործադրէ  Զինադադարի Համաձայնութիւնը»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

«Լիբանան Մանրամասն Կերպով Կը Գործադրէ Զինադադարի Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ հանդիպում ունեցաւ Պրիժիթ Քլինքերթի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանէն պատուիրակութեան մը հետ: Նախագահ Աուն պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանանը մանրամասն կերպով կը գործադրէ զինադադարի համաձայնութիւնը: Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնագրաւումի եւ յարձակումի շարունակումը կը խոչընդոտէ լիբանանեան բանակին մինչեւ սահման տեղակայումը: Հանրապետութեան նախագահը Ֆրանսային ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ տեւական հետաքրքրութեան համար: Ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը...

Լիբանանի Խորհրդարանի Յանձնախումբեր  Հանդիպում Ունեցան Ֆրանսայի Խորհրդարանի  Պատուիրակութեան Հետ

Լիբանանի Խորհրդարանի Յանձնախումբեր Հանդիպում Ունեցան Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Հետ

Լիբանանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամ է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Բագրատունի, Սիմոն Ապի Ռամիայի նախագահութեամբ խորհրդարանի Ֆրանս-լիբանանեան բարեկամութեան յանձնախումբն ու  Միշել Մուսայի նախագահութեամբ խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբը երէկ հանդիպում ունեցան Պրիժիթ Քլինքերթի նախագահութեամբ Ֆրանսական խորհրդարանական յանձնախումբին հետ:  

Պայրագտարեան Ընդունեց Շարարան, Մաուասն  Ու Թրիփոլիի Զբօսաշրջութեան  Եւ Թալի Ապտել Նասեր Հրապարակի Առեւտրականներու  Միութիւններու Միացեալ Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Շարարան, Մաուասն Ու Թրիփոլիի Զբօսաշրջութեան Եւ Թալի Ապտել Նասեր Հրապարակի Առեւտրականներու Միութիւններու Միացեալ Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արաբական բաց համալսարանին մէջ մարմնակրթութեան բաժանմունքի ղեկավար Զաքարիա Շարարան, որ նախարարին ներկայացուց համալսարանին տեղական ու արտաքին մակարդակներու վրայ կատարած մարմնակրթական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այն մեծ աջակցութիւնը, որուն մարմնակրթութիւնը կ՛արժանանայ համալսարանին կողմէ: Ան համալսարանի կարելիութիւնները դրաւ նախարարութեան տրամադրութեան տակ: Նախարարը իր կարգին Արաբական բաց համալսարանը հրաւիրեց մասնակցելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեան համաձայն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի գլխաւորութեամբ սուրիական նախարարական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս ամսուան աւարտին պիտի այցելէ Լիբանան: Պատուիրակութիւնը լիբանանեան կառավարութեան հետ պիտի քննարկէ ապահովական, սահմանային եւ տնտեսական թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու թղթածրարը: . «ԺԱՏԻՏ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, նախկին երեսփոխան Ալի Համիէ նշանակուած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի վերաշինութեան...

Այցելելով Այն Թինէ`.  Սալամ. «Մենք Ո՛չ Մագլցում  Կը Կատարենք, Ո՛չ Ալ Հանդարտեցում»

Այցելելով Այն Թինէ`. Սալամ. «Մենք Ո՛չ Մագլցում Կը Կատարենք, Ո՛չ Ալ Հանդարտեցում»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումը դրական էր` նշելով. «Պըրրին բարեկարգումներուն վերաբերեալ որեւէ մտավախութիւն չունի»: «Կառավարութիւնը յանձնառու է աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուածին եւ ատկէ դուրս որեւէ քայլ չկատարեց», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք ո՛չ մագլցում կը կատարենք, ո՛չ ալ հանդարտեցում, եւ խորհրդարանի նախագահը աւելի քան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ»:...

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Գեղեցիկ  Ժամանակաշրջանի» Փառատօնի  Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Գեղեցիկ Ժամանակաշրջանի» Փառատօնի Պատուիրակութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց «գեղեցիկ ժամանակաշրջանի» փառատօնի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Հրաչ Սաղպազարեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին լիբանանցի վաստակաւոր դերասաններ եւ լրագրողներ, ինչպէս` Սալահ Թիզանի (Ապու Սալիմ), Ուաֆաա Թարապէյ, Ահմետ Աշշի, Սուատ Քարութ-Աշշի, Մէյ Մաթթա, Ժանտարք Ապու Զէյտ-Ֆայյատ, Զահի Ուեհպէ, Թոնի Ապի Քարամ, Խալէտ Սէյիտ եւ Էլվիրա Եունես:    

Ֆատլալլա. «Փոխանակ Քաղաքացիներու  Ապրուստի Տագնապը Լուծելու, Կառավարութիւնը  Շտապեց Անոնց Վրայ Նոր Տուրք Հաստատելու»

Ֆատլալլա. «Փոխանակ Քաղաքացիներու Ապրուստի Տագնապը Լուծելու, Կառավարութիւնը Շտապեց Անոնց Վրայ Նոր Տուրք Հաստատելու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց. «Փոխանակ քաղաքացիներուն ապրուստի տագնապը լուծելու, կառավարութիւնը շտապեց անոնց վրայ նոր տուրք հաստատելու, իսկ արդիւնքը` ապրուստի բեռի աճն է: Մինչ քաղաքացիները 24 ժամ ելեկտրականութեան ապահովման սպասեցին, ինչպէս այդ նախարարութիւնը ստանձնածները խոստացան, եւ ապրուստի առօրեայ ծախսերու նուազման սպասեցին, քաղաքացիները ամէն շաբաթ վառելանիւթի նոր գիներու ցուցակ պիտի ունենան, տարբեր ապրանքներու բարձր գիներ, մասնաւորաբար պետական եւ...

Պայրագտարեան Ընդունեց «Ճէյ. Սի. Այ.»-ի  Ընդհանուր Եւ Լիբանանի Մասնաճիւղի Տնօրէնները

Պայրագտարեան Ընդունեց «Ճէյ. Սի. Այ.»-ի Ընդհանուր Եւ Լիբանանի Մասնաճիւղի Տնօրէնները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Ճէյ.Սի.Այ.»-ի Ճափոնի մէջ 2025 թուականի ընդհանուր տնօրէն Քայսուքի Շիմօ Եամատան եւ «Ճէյ.Սի.Այ.»-ի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէնը: «Ճէյ.Սի.Այ.»-ը համաշխարհային ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամ են 18-40 տարեկանի միջեւ կամաւոր երիտասարդներ: Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործունէութիւն ունենալու իրենց փափաքը: Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու հաղորդակցութիւնն ու գործակցութիւնը`...

Ժապեր. «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Նախագահն Ու  Վարչապետը Կը Ճշդեն, Իսկ Ռաժժիի Դիրքորոշումները  Անոր Անձնական Դիրքորոշումներն Են»

Ժապեր. «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Նախագահն Ու Վարչապետը Կը Ճշդեն, Իսկ Ռաժժիի Դիրքորոշումները Անոր Անձնական Դիրքորոշումներն Են»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ դէպի հանդարտեցում կ՛ուղղուինք, եւ Սալամի հետ յարաբերութիւնը պէտք է դէպի կարգաւորում ուղղուի, որովհետեւ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները ճակատագրական են»: Նախարարը նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կը ճշդեն, կառավարութիւնը որեւէ նիստի ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի դիրքորոշումները չորդեգրեց, եւ անոնք նախարար...

Պու Սաապ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղեմ`  Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Յանձնառու Ըլլալու»

Պու Սաապ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղեմ` Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Յանձնառու Ըլլալու»

Ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերու ուսումնասիրման պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի: Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, որ քննարկումը կեդրոնացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուած առաջարկուող նախագիծերուն եւ Ծերակոյտի կազմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ այլ առաջարկներու, որոնք նախկին նիստի ընթացքին քննարկման առարկայ եղած են` նշելով, որ օրինագիծերու հեղինակներուն հետ երկխօսութիւնը հանդարտ եւ պատասխանատու...

Ընդառաջելով Իր Իրաքցի  Պաշտօնակիցի Հրաւէրին`  Նախագահ Աուն Իրաք Այցելեց

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին յայտնած են. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Իրաք այցելութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներ անոր կատարած այցելութիւններէն նուազ կարեւոր չէ»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը գրեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութիւնը ի զօրու է, եւ լիբանանեան պետութիւնը որեւէ փոփոխութեան մասին չտեղեկացուեցաւ: Այցելութիւնը կրնայ հրաժեշտի ըլլալ, իսկ Օրթէյկըսի փոխարինումը տեղի ունեցաւ ամերիկեան վարչակազմին առնչուող հարցերու պատճառով, եւ լիբանանեան թղթածրարը...

Ընդառաջելով Իր Իրաքցի  Պաշտօնակիցի Հրաւէրին`  Նախագահ Աուն Իրաք Այցելեց

Ընդառաջելով Իր Իրաքցի Պաշտօնակիցի Հրաւէրին` Նախագահ Աուն Իրաք Այցելեց

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Իրաքի նախագահ Ապտելլաթիֆ Ռաշիտի հրաւէրով միօրեայ այցելութեամբ հասաւ Իրաք` քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան թղթածրարները: Հանրապետութեան նախագահը Պաղտատի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք յայտարարեց. «Այս այցելութիւնը առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու իրաքեան ղեկավարութեան եւ Իրաքի եղբայրական ժողովուրդին Լիբանանին անոնք շարունակուող աջակցութեան համար, Լիբանանի ժողովուրդին անոնց տրամադրած արժէքաւոր օժանդակութիւններուն համար, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ վերջին պատերազմի ընթացքին, ինչպէս...

Քապալան. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Տնտեսական  Առաջնահերթութիւն Չունի, Եւ Անոր Խումբը Ձախող Է,  Երկիրը Վերստին Կը Խրէ Կառուցուածքային  Տագնապներու Ճգնաժամին Մէջ»

Քապալան. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Տնտեսական Առաջնահերթութիւն Չունի, Եւ Անոր Խումբը Ձախող Է, Երկիրը Վերստին Կը Խրէ Կառուցուածքային Տագնապներու Ճգնաժամին Մէջ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Խոր տագնապներու մէջ ընկղմած Լիբանանը կը տառապի զանոնք կառավարելու անկարող խմբակէ մը, լիբանանեան կառավարութիւնը տնտեսական կամ ելեւմտական առաջնահերթութիւններ չունի, եւ անոր ձախող խմբակը երկիրը վերստին կը խրէ կառուցուածքային տագնապներու ճգնաժամին մէջ: «Կառավարութեան տնտեսական փրկութեան խոստումները կը չքանան վառելանիւթի գիները բարձրացնելու որոշումով, որ երկրին մեծ վնաս կը պատճառէ եւ կ՛աւելցնէ փխրուն տնտեսութեան ուղղահայեաց անկումի բեռը:...

«Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան  Ոտնահարումը Արտօնելի Չէ»  Կ՛ըսէ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը

«Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան Ոտնահարումը Արտօնելի Չէ» Կ՛ըսէ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ Մարոնիներու լիկայի` ներկայ փուլին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ կազմի դերին մասին երկխօսութեան հրաւէրին ընդառաջելով այցելեց լիկայի կեդրոն, ուր զեկուցում մը ներկայացնելով յայտնեց. «Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը աշխարհի վրայ այլ կեդրոնական դրամատուներուն նման օրէնքով քաղաքական իշխանութիւններէն ու սեփական մարզի շահերէն ամբողջական անկախութիւն ունի, ուստի արտօնուած չէ այդ անկախութիւնը ոտնահարել, այլ անհրաժեշտ է զայն պահպանել, մանաւանդ որ Լիբանանը կ՛ընթանայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ լրագրող Թամիր Մորակ` իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին. «Ամերիկեան վարչակազմին մէջ լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատու Մորկըն Օրթէյկըս մօտ օրէն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, եւ ասիկա Իսրայէլի համար լաւ լուր չէ: Ան ուժեղ կերպով Իսրայէլին զօրավիգ կանգնող էր եւ Հըզպալլայի զինաթափման հարցով վճռականութեամբ գործեց»: . ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթը կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս կը...

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումի աւարտին, խորհրդարանի նախագահը Պաապտայի պալատէն հեռանալու ատեն լրագրողներուն յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումը հոյակապ էր»: Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահը գումարած է ապահովական ժողով մը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի եւ հետախուզութեան տնօրէն Թոնի Քահուաժիի:...

Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»

Ամէն Կացութեան Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Կողքին Կանգնիլը Յայտարարելով` Պըրրի. «Սալամին Կ՛ըսեմ. «Եթէ Մագլցում Կատարես, Մագլցում Կը Կատարենք, Իսկ Եթէ Հանդարտիս, Կը Հանդարտինք»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ ինք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողքին է, վերջինս անիրաւ ըլլայ, թէ անիրաւուած: Ան շեշտեց, որ կը մերժէ գետնի վրայ վերջերս անոր պարեկութիւն կատարող ուժերուն հետ հարաւային կարգ մը գիւղերու մէջ ծագած խնդիրները, անկախ այն իրողութենէն, թէ այդ խնդիրներուն մասնակիցները Ամալ շարժումի, թէ Հըզպալլայի համակիրներ են: «Ճիշդ է, որ գետնի...

Page 119 of 986 1 … 118 119 120 … 986

Արխիւներ