Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդառաջելով Իր Իրաքցի Պաշտօնակիցի Հրաւէրին` Նախագահ Աուն Իրաք Այցելեց

Յունիս 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Իրաքի նախագահ Ապտելլաթիֆ Ռաշիտի հրաւէրով միօրեայ այցելութեամբ հասաւ Իրաք` քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան թղթածրարները:

Հանրապետութեան նախագահը Պաղտատի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք յայտարարեց. «Այս այցելութիւնը առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու իրաքեան ղեկավարութեան եւ Իրաքի եղբայրական ժողովուրդին Լիբանանին անոնք շարունակուող աջակցութեան համար, Լիբանանի ժողովուրդին անոնց տրամադրած արժէքաւոր օժանդակութիւններուն համար, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ վերջին պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատենք իրաքեան քարիւղի մատակարարումները, որոնք իր դժուար կացութեան մէջ կենսական աջակցութիւն եղան Լիբանանին: Ինչ որ անկեղծ արտայայտութիւն է արաբական եղբայրութեան եւ անոր ազնիւ իմաստին մասին»:

«Վստահ եմ, որ այսօր մեր կատարելիք բանակցութիւնները պիտի վերահաստատեն Լիբանանի եւ Իրաքի տեսակէտներուն ամբողջական համընկնումը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իրենց միջեւ բոլոր ապահովական ոլորտներուն, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ  համակարգումին ու գործակցութեան խորացման, մեկնելով մեր հասարակաց հաւատքէն, թէ մեր երկու երկիրներուն մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը իրարու կապուած են, եւ ապահովական մարտահրաւէրներու դիմակայումը ջանքերու մէկտեղում եւ փորձառութեան ու տեղեկութիւններու փոխանակում կը պահանջէ»:

«Այս այցելութիւնս եղբայրական Իրաքի հետ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ապահովական բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նախանձախնդրութիւնը հաստատելու համար է, ի շահ մեր եղբայրական երկու ժողովուրդներուն եւ առ ի ամրապնդում շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի, անոր գրասենեակի տնօրէն Իհսան Աուտիի, իրաքեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախագահ Ապտելքարիմ Պասրիի, իրաքցի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հապհապի, դեսպանատան գործավար Նատա Մաժուլի եւ անձնակազմին կողմէ:

Նախագահ Աուն իր իրաքցի պաշտօնակից Ապտելլաթիֆ Ռաշիտի հետ շուրջ 30 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հասարակաց ծրագիրներ, որոնք իրենց օգուտ կը բերեն:

Իրաքի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց վերջին շրջանին լիբանանեան կացութեան պարզած պատկերին նկատմամբ` աւելցնելով, որ բոլոր իրաքցիները նոյն զգացումը ունին: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլոր ոլորտներուն մէջ գործակցելու` Լիբանանի նախագահ Աունի ղեկավարութեան տակ եւ երկրին մէջ դրական զարգացումներու լոյսին տակ յաջողութիւն մաղթելով:

Իրաքի նախագահը ընդգծեց, որ Իրաքը Լիբանանի կողքին կը կանգնի: Ան ըսաւ, որ իրաքցիները կարօտցած են Լիբանանի մէջ «փառքի օրերուն» վերադառնալու, իրենց լիբանանցի եղբայրներուն հետ Լիբանանի իր արժանի դիրքին վերադառնալու ուրախութիւնը բաժնեկցելու համար: Ան նաեւ նշեց, որ իրաքցիները նոյնիսկ ամէնէն ծանր օրերուն Լիբանանէն չեն բացակայած:

Լիբանանի նախագահը իր կարգին անդրադարձաւ այդ բարեկարգումներուն, որոնց վրայ կառավարութիւնը կ՛աշխատի, մասնաւորաբար տնտեսական եւ ելեւմտական ոլորտներուն մէջ:

Նախագահ Աուն նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան բանակի իրերայաջորդ յարձակումներուն, լիբանանեան հողերու 5 կէտերու վրայ մնալուն եւ գերիները ազատ արձակել մերժելուն, որոնք բոլորն ալ կ՛ականահարեն խաղաղութեան եւ լիբանանեան բանակի տեղակայման ամբողջացման ջանքերը:

Անոնք ապա անդրադարձան Պաղեստինի մէջ կացութեան եւ համամիտ գտնուեցան Կազայի մէջ գործադրուող ոճիրի եւ անմեղները սպաննելու քաղաքականութեան դադրեցման, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին աջակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութեան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունի ապահովական մակարդակի վրայ համակարգում` սահմանները վերահսկողութեան տակ պահելու եւ խուսափելու համար վերջին շրջանին տեղի ունեցածին նման խնդիրներու ծագումէն:

Նախագահական պալատին մէջ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Իրաքի վարչապետին եւ Լիբանանի նախագահին միջեւ հանդիպումը, որուն աւարտէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իրաքի վարչապետը նշեց. «Մենք կը զօրակցինք Լիբանանի մէջ քաղաքական ներքին համաձայնութեան»:

«Կը դատապարտենք լիբանանեան հողերուն վրայ սիոնական գոյացութեան շարունակուող յարձակումները», ըսաւ ան` նշելով. «Իրաքը ներկայացուց Արաբական ֆոնտի նախաձեռնութիւնը եւ արաբական զօրակցութեան արժանացաւ»` յիշեցնելով, որ «Իրաքը Լիբանանի վերաշինութեան համար Արաբական ֆոնտին 20 միլիոն տոլար տրամադրեց»:

«Վերստին կոչ կ՛ուղղենք` ամբողջական կերպով գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը, եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ շարունակ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնինք», ըսաւ Սուտանի:

Իրաքի վարչապետը այս առիթով նաեւ յայտարարեց. «Կը զօրակցինք Սուրիոյ եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան», եւ շեշտեց Կազայի բնակչութիւնը փրկելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Մենք մեծ կարիքը ունինք արաբական հասարակաց շահի համակարգի ստեղծման: Համակարգ մը, որ հիմնուած է մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ հասարակաց շահերու փոխանակման վրայ, անոնց զարգացման եւ բազմապատկման վրայ: Արաբական համակարգ մը, որ հիմնուած է եւ կանոնադրուած երկկողմանի ու հասարակաց համաձայնութիւններու վրայ, ինչ որ աստիճանաբար ու կանոնաւոր կերպով կը վերափոխուի արաբական հասարակաց շուկայի եւ մեր ազգային տնտեսութիւններուն միջեւ գործակցութեան համակարգումի, ինչպէս նաեւ անձերու, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու տեղափոխման»: Ան ընդգծեց. «Ժամանակն է, որ այս աշխարհին վրայ ազատ ու արժանապատիւ կերպով ապրինք»:

Ան աւելցուց, որ բոլոր փուլերուն մեզի ընկերակցած են երկու մարտահրաւէրներ, առաջինը` իւրաքանչիւր երկրի մէջ ազգային ինքնութեան ամրագրումը, երկրորդը` ինչպէ՛ս մեր շրջապատին ու այսօրուան աշխարհին մէջ հաստատել մեր ազգային գերիշխան պետութեան սկզբունքը, առանց ոեւէ մէկը թշնամացնելու կամ ոեւէ մէկուն հետեւորդ ըլլալու: «Արտօնեցէ՛ք, որ ըսեմ, թէ ժամանակն է երկու հարցերն ալ իրագործելու», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախորդը

Քապալան. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Տնտեսական Առաջնահերթութիւն Չունի, Եւ Անոր Խումբը Ձախող Է, Երկիրը Վերստին Կը Խրէ Կառուցուածքային Տագնապներու Ճգնաժամին Մէջ»

Յաջորդը

Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ճաշկերոյթ Սարքեց Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?