Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց «գեղեցիկ ժամանակաշրջանի» փառատօնի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Հրաչ Սաղպազարեանի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին լիբանանցի վաստակաւոր դերասաններ եւ լրագրողներ, ինչպէս` Սալահ Թիզանի (Ապու Սալիմ), Ուաֆաա Թարապէյ, Ահմետ Աշշի, Սուատ Քարութ-Աշշի, Մէյ Մաթթա, Ժանտարք Ապու Զէյտ-Ֆայյատ, Զահի Ուեհպէ, Թոնի Ապի Քարամ, Խալէտ Սէյիտ եւ Էլվիրա Եունես: