Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Այն Թինէ`. Սալամ. «Մենք Ո՛չ Մագլցում Կը Կատարենք, Ո՛չ Ալ Հանդարտեցում»

June 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումը դրական էր` նշելով. «Պըրրին բարեկարգումներուն վերաբերեալ որեւէ մտավախութիւն չունի»:

«Կառավարութիւնը յանձնառու է աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուածին եւ ատկէ դուրս որեւէ քայլ չկատարեց», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք ո՛չ մագլցում կը կատարենք, ո՛չ ալ հանդարտեցում, եւ խորհրդարանի նախագահը աւելի քան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ»:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի 30 մայիսին «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ներկայ յարաբերութիւնը ինչպէ՛ս կ՛որակէ, ըսած էր. «Եթէ մագլցում կատարես, մագլցում կը կատարենք, իսկ եթէ հանդարտիս, կը հանդարտինք»:

Ինչ կը վերաբերի վերաշինութեան թղթածրարին, Սալամ յայտնեց. «Կառավարութիւնը կարիքը ունի աւելի քան 7 միլիառ տոլարի»` նշելով. «Միջազգային դրամատան գնահատականը կը հասնի 14 միլիառ տոլարի»:

«Ուաշինկթընի ժողովի ընթացքին մեր ձգտումն էր Միջազգային դրամատունէն 250 միլիոն տոլար ստանալ, եւ այդ էր, որ ստացանք, եւ 75 միլիոն տոլար ալ ֆրանսացիներէն», աւելցուց ան:

Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է վերաշինութեան` ընդգծելով. «Զէնքի թղթածրարը յստակօրէն նշուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, եւ բոլորը անոր յանձնառու են, ինչպէս յանձնառու են Թաէֆի համաձայնագիրին եւ իր ամբողջ հողերուն վրայ պետութեան իշխանութեան հաստատման»:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի հետ յարաբերութեան` Սալամ ըսաւ. «Մոհամետ Ռաատի հետ մտերմութեան մեծ բաժին կը ձգեմ, եւ զինք ու Հըզպալլան կ՛ընդունիմ, դռներս միշտ բաց են»:

Պատասխանելով իրանեան յեղափոխութեան արտածման վերաբերեալ իր յայտարարութեան մասին հարցումի մը` վարչապետը յայտնեց. «Չեմ գիտեր, եթէ իրանեան յեղափոխութիւնը տակաւին յեղափոխութեան արտածման մասին կը խօսի, ուստի ըսի, թէ այդ հռետորաբանութիւնը այլեւս անցեալին կը պատկանի»:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Գեղեցիկ Ժամանակաշրջանի» Փառատօնի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Այն, Ինչ Որ Միասնաբար Կը Կառուցենք, Պարզապէս Բարեկամութիւն Չէ, Այլ Կացութեան Վրայ Ազդելու, Հայաստանին Աջակցելու Իսկական Լծակներ Են» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.