Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արաբական բաց համալսարանին մէջ մարմնակրթութեան բաժանմունքի ղեկավար Զաքարիա Շարարան, որ նախարարին ներկայացուց համալսարանին տեղական ու արտաքին մակարդակներու վրայ կատարած մարմնակրթական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այն մեծ աջակցութիւնը, որուն մարմնակրթութիւնը կ՛արժանանայ համալսարանին կողմէ:
Ան համալսարանի կարելիութիւնները դրաւ նախարարութեան տրամադրութեան տակ:
Նախարարը իր կարգին Արաբական բաց համալսարանը հրաւիրեց մասնակցելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպելիք յառաջիկայ երիտասարդական եւ մարմնակրթական ձեռնարկներուն:
Նախարար Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հիւսիսային Լիբանանի բաժինի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ֆատի Մաուասը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր եւ մասնաւորաբար հիւսիսային Լիբանանի վերաբերող հարցեր:
Երիտասադրութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ Թրիփոլիի զբօսաշրջական միութեան եւ Թալի շրջանի Ապտել Նասեր հրապարակի առեւտրականներու միութեան միացեալ պատուիրակութեան մը հետ:
Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց 25, 26, 27 յուլիսին Թրիփոլիի մեծ փառատօնի կազմակերպման աշխատանքները եւ անկէ խնդրեց այդ փառատօնը հովանաւորել:
Փառատօնը կը ներառէ քաղաքի կեդրոնին մէջ քարթինկի մրցում մը: