Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ լրագրող Թամիր Մորակ` իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին. «Ամերիկեան վարչակազմին մէջ լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատու Մորկըն Օրթէյկըս մօտ օրէն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, եւ ասիկա Իսրայէլի համար լաւ լուր չէ: Ան ուժեղ կերպով Իսրայէլին զօրավիգ կանգնող էր եւ Հըզպալլայի զինաթափման հարցով վճռականութեամբ գործեց»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթը կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս կը շարունակէ յստակացնել համապարփակ պատկերացում մը, որ կը կամրջէ ապազինման ու հարաւային Լիբանանի կացութեան հարցի լուծման վերաբերեալ Հըզպալլայի եւ միջազգային ու շրջանային մօտեցումները, առաջարկելով համաձայնական ու հաւասարակշռուած մօտեցում մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան օդային հարուածները կը դադրեցուին լիբանանեան բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման ամբողջացման եւ Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցի ամբողջական կազմաքանդման դիմաց:

Ատոր զուգահեռ իսրայէլեան բանակը կը հեռանայ իր բռնագրաւած լիբանանեան շրջաններէն, այնուհետեւ ազատ կ՛արձակէ լիբանանցի գերիները: Աւարտին զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին հսկողութեամբ ապահովական նոր դասաւորումներ կը մշակուին` երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ կայունութիւնը, ինչ որ իր կարգին ճամբայ կը հարթէ ցամաքային ու ծովային սահմանագծման բանակցութիւններուն, ապա համաձայնեցուած ժամանակացոյցով վերաշինութեան հոլովոյթի մեկնարկին:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, թէ Օրթէյկըս մօտ է այս առաջարկի նախագիծը ամբողջացնելու, առ ի պատրաստութիւն զայն իսրայէլացի պաշտօնատարներուն ներկայացնելով անոնց նախնական համաձայնութիւնը ստանալու, եւ այդ պարագային պիտի ուղղուի Պէյրութ` անոր մանրամասնութիւնները քննարկելու համար:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը յարձակում գործեց Նապաթիէ գաւառի Առնուն գիւղին մէջ մոթորսիքլեթի մը վրայ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, թէ ահաբեկած է հարաւային Լիբանանի Առնուն շրջանին մէջ Հըզպալլայի հակազրահապատ հրթիռներու համակարգի միաւորի անդամներէն մէկը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հոգեմտաւոր Ժառանգութեանց Նուիրուած Պեռնի Միջազգային Համագումարը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

«Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան Ոտնահարումը Արտօնելի Չէ» Կ՛ըսէ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.