Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հանդիպումի աւարտին, խորհրդարանի նախագահը Պաապտայի պալատէն հեռանալու ատեն լրագրողներուն յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումը հոյակապ էր»:
Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահը գումարած է ապահովական ժողով մը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի եւ հետախուզութեան տնօրէն Թոնի Քահուաժիի:
Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած են Պէյրութի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու ապազինումը սկսելու համար որդեգրուած քայլերը: