Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Մանրամասն Կերպով Կը Գործադրէ Զինադադարի Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Ֆրանսական Խորհրդարանէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

June 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ հանդիպում ունեցաւ Պրիժիթ Քլինքերթի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանէն պատուիրակութեան մը հետ:

Նախագահ Աուն պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանանը մանրամասն կերպով կը գործադրէ զինադադարի համաձայնութիւնը:

Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնագրաւումի եւ յարձակումի շարունակումը կը խոչընդոտէ լիբանանեան բանակին մինչեւ սահման տեղակայումը:

Հանրապետութեան նախագահը Ֆրանսային ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ տեւական հետաքրքրութեան համար:

Ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը նախագահին յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան Ատհայի տօնէն ետք Լիբանան պիտի այցելէ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի իր կարգին ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւնը եւ անոր ներկայացուց Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացումներն ու կառավարութեան ջանքերը` ազատագրելու Իսրայէլի բռնագրաւած հողերը, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ սուրիացի գաղթականներու հարցը, վերաշինութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգման թղթածրարները:

«Լիբանան մեծ յոյս կը կապէ Ֆրանսայի եւ իր բարեկամ երկիրներու աջակցութեան` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն եւ դադրեցնէ իր յարձակումները», ըսաւ Ռաժժի:

«Անհրաժեշտ է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային ընտանիքը փոխեն սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ իրենց մօտեցումները եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւններու փոփոխութենէն ետք ընդունին զանոնք իրենց երկիր վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը», յայտնեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:

Ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները իրենց կարգին նշեցին, թէ Պէյրութ իրենց այցելութիւնը ընդգծելու համար է, որ Ֆրանսան եւ անոր խորհրդարանը կը կանգնին Լիբանանի կողքին եւ կ՛աջակցին անոր կառավարութեան, որպէսզի վերջինս շրջանցէ իր դիմագրաւած մեծ դժուարութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանի Խորհրդարանի Յանձնախումբեր Հանդիպում Ունեցան Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Արաղչի. «Իրան Կը Յարգէ Լիբանանի Ներքին Հարցերը, Որոնց Միջամուխ Չ՛ըլլար»

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.