Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հանդիպումը «լաւ եւ հանգիստ» էր:

Արաղչի Սալամը հրաւիրած է Թեհրան այցելելու, իսկ վերջինս պատասխանած է. «Աստուած ուզէ հրաւէրին կ՛ընդառաջենք, երբ պայմանները յարմար ըլլան»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ Սալամին կոչ ուղղած է` դէպի Լիբանան իրանեան թռիչքներու արգիլման որոշումը ջնջելու, սակայն վարչապետը ըսած է, այդ քայլը որդեգրուած է ապահովական պատճառներով:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Լիբանանի մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին Հըզպալլան, անոր զէնքի հարցը կամ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ զէնքի թղթածրարը չէ արծարծած, այլ միայն խօսած է փոխադարձ յարգանքի սկզբունքի հիմամբ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին:

Աղբիւրները օրաթերթին նշած են. «Արաղչիի այցելութեան մէջ կարեւորագոյն հարցը լիբանանեան կառավարութեան ուղղուած անոր կոչն է` Իրանէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Իրան ուղղակի թռիչքները դադրեցնելու որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու, նշելով, որ պէտք է բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիբանան այսօր մուտք կը գործէ Ատհայի տօնի արձակուրդ, որմէ անմիջապէս ետք կը սկսի աշխուժ քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանք, որ կը սկսի ֆրանսացի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի այցելութեամբ, որուն կը հետեւի Մորկըն Օրթէյկըսը փոխարինելիք ամերիկացի նոր պատուիրակի այցելութիւնը, նաեւ կը սպասուի սէուտական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութիւնը:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ այս այցելութիւններուն մեծամասնութիւնը զինադադարի համաձայնութեան, զէնքի եւ բարեկարգումներու թղթածրարներուն կ՛առնչուին:

. ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան հրշէջները երէկ կէսօրէ առաջ Հատասի «ՀԻՓՔՕ» վառելանիւթի կայարանին մէջ յաջողեցան մարել մեծ հրդեհ մը` շրջանը փրկելով իսկական աղէտէ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Անհետ Կորսուածներու Հարցերով Զբաղող Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Տեղի Ունեցած Է

Յաջորդը

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախարարութեան Մէջ Մարմնակրթութեան Բաժանմունքի Պաշտօնեաներուն Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.