Պու Սաապ. «Եթէ Կ՛ուզենք Զէնքի Հարցը Լուծել, Ապա Ճիշդը Նախագահ Աունի Ընտրանքն Է»
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնը լաւ է, ես անոր տեղակալն եմ, հին բարեկամութիւն գոյութիւն ունի, եւ կրցանք անոր հետ ապահովել որդեգրումը օրէնքներու, որոնց համաձայն չէր անոր քաղաքական խմբակը»: «Երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու ընթացքին վարչապետ Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը չառաջադրեցի, օրին անոր դիրքորոշումներուն յստակ չըլլալուն պատճառով, իսկ այսօր վարչապետին հետ համակարգում...




















