Ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերու ուսումնասիրման պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի:
Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, որ քննարկումը կեդրոնացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուած առաջարկուող նախագիծերուն եւ Ծերակոյտի կազմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ այլ առաջարկներու, որոնք նախկին նիստի ընթացքին քննարկման առարկայ եղած են` նշելով, որ օրինագիծերու հեղինակներուն հետ երկխօսութիւնը հանդարտ եւ պատասխանատու էր:
Ան նշեց, որ քննարկումը ընդլայնուած է` ներառելով Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած բարեկարգչական մեծ խնդիրներ, ինչպէս` Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջման ազգային մարմինի կազմութիւնը, Ծերակոյտի ստեղծումը` հասնելով համայնքային դրութենէն դուրս խորհրդարանի ընտրութիւնը:
«Այս բարեկարգումները Լիբանանի մէջ պահանջուած փոփոխութեանց խորքն են, եւ անոնց շուրջ պէտք է քննարկում կատարել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն խօսքը, թէ անիկա թայմինկի պատրուակով յետաձգուած է, այլեւս ընդունելի չէ, եւ պիտի գայ ժամանակը, երբ լրջօրէն սեղանի վրայ պիտի դրուի»:
Խորհրդարանի փոխնախագահը այս առիթով նաեւ յայտնեց. «Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք իր կարծիքը յայտնելու ընտրական օրէնքին վերաբերեալ, մանաւանդ որ ան իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ յանձնառու դարձաւ ընտրական արդիական օրէնքի համար աշխատելու, մինչ մենք օրինագիծեր կը քննարկենք, առանց անոր պաշտօնական դիրքորոշումը իմանալու»:
Ան նշեց, որ ենթայանձնախումբը ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրած է նիստին ներկայ գտնուելու, սակայն անոնք ժողովին չեն մասնակցած, ուստի անոնց դարձեալ հրաւէր պիտի ուղղուի յաջորդ նիստին ներկայ գտնուելու:
Պու Սաապ նշեց, որ ենթայանձնախումբի յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ չորեքշաբթի կէսօրին, եւ քննարկումը պիտի յատկացուի ներկայ օրէնքի բարեփոխման կամ ազգային ճիշդ ներկայացուցչութիւնն ու ազգային միասնականութեան ամրապնդումը` ընդգծելով բարեկարգչական օրէնքներու շուրջ աւելի լայն քննարկումի ձեռնարկման վերաբերեալ որոշում տալուն: