Լը Տրիան Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի
Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ հասաւ Պէյրութ: Ան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան իսրայէլեան բանակին կողմէ լիբանանեան հողերու բռնագրաւման, յարձակումներու, զինադադարի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի խախտման շարունակման, ինչպէս նաեւ զինադադարի եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութեան հնգեակ...




















