Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ ինք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողքին է, վերջինս անիրաւ ըլլայ, թէ անիրաւուած:
Ան շեշտեց, որ կը մերժէ գետնի վրայ վերջերս անոր պարեկութիւն կատարող ուժերուն հետ հարաւային կարգ մը գիւղերու մէջ ծագած խնդիրները, անկախ այն իրողութենէն, թէ այդ խնդիրներուն մասնակիցները Ամալ շարժումի, թէ Հըզպալլայի համակիրներ են:
«Ճիշդ է, որ գետնի վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի շարժումները պէտք է լիբանանեան բանակին հետ համակարգումով եւ անոր ընկերակցութեամբ ըլլան, սակայն եթէ ատիկա երբեմն տեղի չունենայ, պէտք է հակազդեցութեան մէջ չափազանցութենէն խուսափիլ եւ պէտք չէ անխոհեմաբար վարուիլ», աւելցուց ան:
«ՖԻՆԻՒԼ-ը Լիբանանի դէմ պատերազմի ընթացքին իսրայէլեան շարք մը յարձակումներու ենթարկուեցաւ, եւ մենք գիտենք, որ իսրայէլացի թշնամին չ՛ուզեր, որ անիկա հարաւային Լիբանանի մէջ մնայ, եւ ատիկա բաւարար է, որ անոր կողքին ըլլանք», նշեց խորհրդարանի նախագահը:
«Միջազգային խաղաղապահ ուժերու լիազօրութեան վերանորոգման ժամկէտին մօտենալով, պէտք չէ գետնի վրայ գործել որեւէ սխալ, որմէ Լիբանանի մէջ անոր առաքելութեան վերջ տալու կամ թերեւս լիազօրութիւնները բարեփոխելու ձգտողները օգտուին», զգուշացուց Պըրրի` աւելցնելով. «Միջազգային ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը նաեւ տնտեսական կենսական խորք ունի եւ այդ ներկայութիւնը ստեղծեց որոշ տնտեսական շրջանառութիւն մը, որ գիւղերու բնակիչներուն համար դրական ազդեցութիւն ունի»:
Պըրրի ընդգծեց, որ վերաշինութիւնը իրեն համար գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է եւ պէտք է նաեւ կառավարութեան համար այդպիսին ըլլայ:
Ինչ կը վերաբերի ոմանց` վերաշինութիւնը Հըզպալլայի ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապազինման կապելուն, խորհրդարանի նախագահը պնդեց. «Համաձայնութիւնը այդ մէկը չի նշեր, եւ մենք զինադադարի համաձայնութեան պարունակած Լիթանիէն հարաւ զինաթափում կատարելու կէտը ամբողջութեամբ կատարեցինք»:
Անդրադառնալով Պէյրութի քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն` Պըրրի նշեց. «Յաջողեցանք նախկին ընտրութիւններուն մէջ շուրջ 9 հազար քուէները այս անգամ շուրջ 19 հազարի բարձրացնել»` աւելցնելով, որ շիի երկեակի համակիրները յարգած են քաղաքական որոշումը եւ ամբողջական ընտրացանկի քուէարկած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ներկայ յարաբերութիւնը ինչպէ՞ս կ՛որակէ, Պըրրի ժպտալով պատասխանած է. «Եթէ մագլցում կատարես, մագլցում կը կատարենք, իսկ եթէ հանդարտիս, կը հանդարտինք»: