Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապալան. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Տնտեսական Առաջնահերթութիւն Չունի, Եւ Անոր Խումբը Ձախող Է, Երկիրը Վերստին Կը Խրէ Կառուցուածքային Տագնապներու Ճգնաժամին Մէջ»

Յունիս 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Խոր տագնապներու մէջ ընկղմած Լիբանանը կը տառապի զանոնք կառավարելու անկարող խմբակէ մը, լիբանանեան կառավարութիւնը տնտեսական կամ ելեւմտական առաջնահերթութիւններ չունի, եւ անոր ձախող խմբակը երկիրը վերստին կը խրէ կառուցուածքային տագնապներու ճգնաժամին մէջ:

«Կառավարութեան տնտեսական փրկութեան խոստումները կը չքանան վառելանիւթի գիները բարձրացնելու որոշումով, որ երկրին մեծ վնաս կը պատճառէ եւ կ՛աւելցնէ փխրուն տնտեսութեան ուղղահայեաց անկումի բեռը:

«Փոխանակ պետական գանձարկղի եկամուտները աւելցնելու, տուրքերէ խուսափումին դէմ պայքարելու, պետութեան ներուժը ներդրելու, գանձումը բարելաւելու, մաքսատան եւ նաւահանգիստի ոլորտները բարեկարգելու, փտածութեան դէմ պայքարելու, զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու, սեփական մարզին հետ արդիւնաւէտ գործընկերութիւնը կեանքի կոչելու, ելեկտրականութեան ու ամբարտակներու բարեկարգման ծրագիրը գործադրելու, արտադրողական ենթակառոյցին մէջ ներդրում կատարելու, հարկերու վրայ չհիմնուած տնտեսութիւնը աշխուժացնելու, ելեւմտական բեռներու քաղաքականութիւնը դադրեցնելու եւ թափանցիկութիւն կիրարկելու, լիբանանեան կառավարութիւնը մեզի անակնկալ կը մատուցէ` որդեգրելով յանպատրաստից որոշումներ, որոնք կը հարուածեն մասնաւորաբար երկրագործութեան ու ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ տնտեսութեան վերաշխուժացման նկատմամբ յոյսը եւ խոր հարուած կը հասցնեն աղքատ դասակարգին», նշեց շէյխ Քապալան:

Ժաաֆարականներու միւֆթին նաեւ յայտնեց. «Ծանօթ է, որ մարդկային եւ ելեւմտական պլոքը անօգուտ է առանց ծրագիրներու, գործիքներու, արտադրութեան խթանման, ելեւմտական խնայողութեան, ազգային պաշտպանութեան, եւ ոչ թէ կառավարական ողջակիզումներով: Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հաճոյանալը Լիբանանը կը դնէ մահացածներու սառնարանը:

«Ան որ տեղեակ չէ, թող իմանայ. կառավարութիւնը տնտեսական ու ելեւմտական հայեցակարգ չունի եւ կը խարխափէ: Լուծումը կառավարութիւն մըն է, որ երկրով կը զբաղի անոր տնտեսական ու ելեւմտական առաջնահերթութիւններէն մեկնելով, եւ ոչ թէ վառելանիւթի «կրակին», ելեւմտական տագնապին մէջ խրման ու քաղաքական ձախողութեան, ինչպէս նաեւ ահաւոր միջազգային յանձնառութիւններու ճամբով, որոնք համարեա թէ կը հրկիզեն Լիբանանը»:

 

Նախորդը

«Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան Ոտնահարումը Արտօնելի Չէ» Կ՛ըսէ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը

Յաջորդը

Ընդառաջելով Իր Իրաքցի Պաշտօնակիցի Հրաւէրին` Նախագահ Աուն Իրաք Այցելեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?