Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Ճէյ.Սի.Այ.»-ի Ճափոնի մէջ 2025 թուականի ընդհանուր տնօրէն Քայսուքի Շիմօ Եամատան եւ «Ճէյ.Սի.Այ.»-ի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէնը:
«Ճէյ.Սի.Այ.»-ը համաշխարհային ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամ են 18-40 տարեկանի միջեւ կամաւոր երիտասարդներ:
Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործունէութիւն ունենալու իրենց փափաքը:
Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու հաղորդակցութիւնն ու գործակցութիւնը` իրագործելու համար լիբանանցի երիտասարդներուն համար բաղձալի օգուտը: