Լիբանանեան

Սալամ Մակրոյի Հետ Քննարկեց Հսկողութեան Յանձնախումբի Աշխատանքը Կեանքի  Կոչելու Կարեւորութիւնը

Սալամ Մակրոյի Հետ Քննարկեց Հսկողութեան Յանձնախումբի Աշխատանքը Կեանքի Կոչելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի եւ թշնամական արարքներու դադրեցման հսկողութեան յանձնախումբին մէջ Ֆրանսայի նոր ներկայացուցիչ զօր. Վալենթան Սելերի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ երկրի ներկայ կացութիւնը, հսկողութեան յանձնախումբի աշխատանքն ու անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման նպատակով այդ աշխատանքը կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Սալամ ընդունեց ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Պլերթա Ալիքոն եւ...

Խաթիպ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ,  Սուրիոյ Եւ Շրջանին Համար Շատ Վտանգաւոր Է»

Խաթիպ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Սուրիոյ Եւ Շրջանին Համար Շատ Վտանգաւոր Է»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնած է. «Շիիները իրենց պատմութեան ընթացքին սեփական քաղաքական ծրագիր չեն ունեցած, այլ միշտ ջատագովը եղած են ազգային, արաբական եւ իսլամական միասնականութեան` իսլամ ազգը միաւորելու այն ամէն ինչի շուրջ, որ անոր բարիքը եւ շահերը կ՛ապահովէ: Անոնք երբեք ոեւէ մէկու դէմ պատերազմ չեն յայտարարած, այլ միշտ ալ պաշտպանողական դիրքի վրայ եղած են»: Լիբանանի եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր.

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Թուլ եւ Քֆուր գիւղերուն միջեւ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Նաքուրայի մէջ հարուածեց բեռնակառք մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան մթնոլորտը մտահոգիչ է, եւ Լիբանանի մէջ ոմանք կը զգան, թէ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, լիբանանցիները...

Կառավարութեան Լսումի Նիստի Աւարտին.  Խորհրդարանը Վերահաստատեց Կառավարութեան  Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Կառավարութեան Լսումի Նիստի Աւարտին. Խորհրդարանը Վերահաստատեց Կառավարութեան Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Խորհրդարանը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան լսումի նիստը եւ 69 թեր, 9 դէմ եւ 4 ձեռնպահ քուէներով վերահաստատեց անոր նկատմամբ վստահութիւնը: Լսումի նիստի ընթացքին երեսփոխան Ահմետ Խէյր նշեց. «Լիբանանցիները քիչ առ քիչ կը կորսնցնեն յոյսը, եւ չեմ գիտեր, եթէ նոր առիթը տակաւին գոյութիւն ունի»: «Պէտք է դաս քաղել անցեալէն, որովհետեւ պետութիւնը երկու զէնքերու գոյութեան լոյսին տակ անարժէք է: Պատասխանատուութիւնը...

Թերզեան. «Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները  Նշանակուեցան Առանց Մեզ Տեղեակ Պահելու.  Կը Պահանջենք Նշանակման Համար  Օգտագործուած Մեքանիզմը Իմանալ»

Թերզեան. «Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Նշանակուեցան Առանց Մեզ Տեղեակ Պահելու. Կը Պահանջենք Նշանակման Համար Օգտագործուած Մեքանիզմը Իմանալ»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան կառավարութեան լսումի նիստի երկրորդ օրուան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Կառավարութեան նիստերէն մէկուն մէջ թափանցիկութիւնը սպաննուեցաւ, որովհետեւ օգտագործուեցաւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներու նշանակման մեքանիզմ մը, որուն չծանօթացանք: Այս մեքանիզմին վերաբերեալ կառավարութենէն պատասխան կ՛ուզենք: Մենք այս երկրի հիմնական բաղադրիչ մասերէն ենք, մեզի շրջանցում տեղի ունեցաւ, եւ ատիկա պիտի չընդունուի»: «Եթէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր...

Ապի Մունա. «Սուրիոյ Մէջ Ատելութեան  Տեսարանները Պետութեան Ծայրայեղականները  Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Ձախողութեան Փաստն Է»

Ապի Մունա. «Սուրիոյ Մէջ Ատելութեան Տեսարանները Պետութեան Ծայրայեղականները Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Ձախողութեան Փաստն Է»

Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա նշեց. «Ծայրայեղականներու ձեռքով գործուած ատելութեան արարքներու տեսարանները ցոյց կու տան, թէ սուրիական պետութիւնը չյաջողեցաւ զանոնք վերահսկողութեան տակ առնել, ուստի իրենց ատելութիւնը կը թափեն տիւրզի հոգեւորականին եւ աշխարհականին գլխուն, խորհրդանիշ եղող դրօշակին վրայ կը կոխեն եւ հայրերը իրենց ընտանիքներուն առջեւ կը վարկաբեկեն»: «Արդիական պետութիւնը այսպէ՞ս կը կառուցուի: Ասիկա հարցում մըն է,...

Ատուան. «Երբ Զգանք, Թէ Նախարարաց Խորհուրդը  Իր Դերը Չի Կատարեր, Անկէ Դուրս Պիտի Գանք»

Ատուան. «Երբ Զգանք, Թէ Նախարարաց Խորհուրդը Իր Դերը Չի Կատարեր, Անկէ Դուրս Պիտի Գանք»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ խորհրդարանի նիստէն ետք յայտնեց. «Շեշտեցինք, որ որոշումը կառավարութեան մէջ տրուի, եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կրկնեց, թէ զէնքին առնչուող գործադիր որոշումները պիտի որդեգրուին եւ հաւաքաբար կառավարութեան մէջ»: «Որեւէ պահու, որ զգանք, թէ նախարարաց խորհուրդը իր դերը ամբողջական կերպով չի կատարեր, անոր մէջ պիտի չմնանք», նշեց Ատուան: «Լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն զէնքի խնդիրի...

Պայրագտարեան «Էլ.Այ.Եու.» Համալսարանի  Հանդիսութեան Ներկայացուց Վարչապետ Սալամը

Պայրագտարեան «Էլ.Այ.Եու.» Համալսարանի Հանդիսութեան Ներկայացուց Վարչապետ Սալամը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան` իբրեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուցիչ, ներկայ գտնուեցաւ «Էլ.Այ.Եու.» համալսարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ խորհրդարանի կրթութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մրատի:

Պասիլ. «Պիտի Տեսնէք, Թէ Ինչպէ՛ս Կառավարութեան  Նկատմամբ Վստահութիւնը Պիտի Նուազի»

Պասիլ. «Պիտի Տեսնէք, Թէ Ինչպէ՛ս Կառավարութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը Պիտի Նուազի»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ խորհրդարանի նիստէն ետք յայտնեց. «Կառավարութեան ուղղուած մեր հարցումները հարցաքննութեան պիտի վերածենք, սակայն խնդիրը այն է, որ այս հարցումներուն պատասխանելու նիստը ե՛րբ պիտի ճշդուի»: «Որոշակի հարցումներ հարցուցինք եւ անոնց վերաբերեալ կառավարութենէն գրաւոր կամ վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն այսօր բանաւոր պատասխան չստացանք», ըսաւ ան: «Պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս այս կառավարութեան նկատմամբ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով Իսրայէլեան Պնդումներուն. «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ, Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պատասխանելով իսրայէլեան պնդումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն, որոնք դիտաւորեալ կերպով արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Եւրոպական Միութեան դրացի պետութիւններու խորհրդաժողովին մասնակցութեան իրականութեան չհամապատասխանող իմաստներ տուին. Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին (Կիտէոն Սահեր) հետ ժողով չգումարեց, այլ մասնակցեցաւ ընդլայնուած նիստի մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Միջերկրականի շրջանի արաբ արտաքին գործոց նախարարներ (Սուրիա-Պաղեստին-Յորդանան-Եգիպտոս-Մարոք), իսկ...

Աուն-Շարհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի իր երդման ճառը վերահաստատելը զգացական մանրամասնութիւն մը չէր, այլ գերիշխանական կեցուածք մը, որ կ՛արտացոլէ յստակ մերժում մը այն բոլոր փորձերուն, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ կրնայ մասնատման ծրագիրներուն կամ միջազգային կասկածելի առաջարկներուն նկատմամբ աչք փակել»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն լաւապէս կը գիտակցի, թէ Լիբանանի տագնապը տնտեսական քայքայումէն...

Խորհրդարանը Կառավարութեան  Լսումի Նիստ Մը Գումարեց

Խորհրդարանը Կառավարութեան Լսումի Նիստ Մը Գումարեց

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ ընթացք առաւ կառավարութեան լսումի նիստ մը, որուն սկիզբը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, թէ խօսք առնել ուզող երեսփոխաններուն թիւը հասած է 54-ի` նշելով. «Ասիկա ճիշդ չէ եւ չի կրնար այսպէս շարունակուիլ»: Ան ըսաւ, որ ժամանակը երեսփոխանական պլոքներուն վրայ պիտի բաժնուի` հինգ կամ նուազ երեսփոխան ունեցող պլոքներէն միայն մէկ երեսփոխանի առիթ պիտի տրուի խօսելու,...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Պայրագտարեան նախագահին ներկայացուց մարմնակրթական այն աշխատանքները եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ փառատօները, զորս նախարարութիւնը մտադիր է կազմակերպել ամրան ընթացքին: Ան նաեւ նախագահ Աունին ներկայացուց Լիբանանի մէջ Մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութեան մշակման առնչուած քայլերը: Հանրապետութեան նախագահը համաձայն գտնուեցաւ հովանաւորելու եւ ներկայ...

Պարրաք. «Հըզպալլան Զինաթափելէն Վախնալն Ու  Լիբանանեան Կառավարութեան Այդ Մէկը Կատարել  Արգիլելը Կրնայ Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջնորդել»

Պարրաք. «Հըզպալլան Զինաթափելէն Վախնալն Ու Լիբանանեան Կառավարութեան Այդ Մէկը Կատարել Արգիլելը Կրնայ Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջնորդել»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք նշեց, որ Հըզպալլան զինաթափելէն վախնալն ու լիբանանեան կառավարութեան այդ մէկը կատարել արգիլելը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել` աւելցնելով, որ Հըզապալլայի իր զէնքէն հրաժարելու գործողութիւնը լիբանանեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կը սկսի: Պարրաք նաեւ նշեց. «Այն զէնքերը, որ կ՛ուզենք, որ Հըզպալլան անոնցմէ հրաժարի, Իսրայէլին սպառնացողներն են, եւ մենք միայն Հըզպալլայի հետ գործ չունինք,...

Մակրօ. «Անհրաժեշտ Է Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն  Նկատմամբ Չափազանց Զգօն Ըլլալ Եւ Խուսափիլ  Լիբանանի Վրայ Որեւէ Ժխտական Ազդեցութենէ»

Մակրօ. «Անհրաժեշտ Է Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Չափազանց Զգօն Ըլլալ Եւ Խուսափիլ Լիբանանի Վրայ Որեւէ Ժխտական Ազդեցութենէ»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ իր կեցութեան վայրին մէջ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մարտահրաւէրները տակաւին շատ են, ըլլայ այդ զէնքը պետութեան մենաշնորհ դարձնելը, բարեկարգումներու երթը, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգումը կամ շրջանային կացութիւնը, եւ մենք այս բոլոր ուղղութիւններով լիարժէք կերպով յանձնառու ենք եւ մեր լիբանանցի բարեկամներուն կողքին»: «Իսրայէլ տակաւին լիբանանեան հողերուն վրայ հինգ կէտեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանան ամերիկեան դեսպանատան ճամբով ստացած է ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին իր յանձնած փաստաթուղթին պատասխանը եւ այժմ զայն կ՛ուսումնասիրէ: Պատասխանին ամփոփումը այն է, թէ Լիբանան պէտք է յարգէ Հըզպալլայի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար ճշդուած ժամկէտը, որ ներկայ տարեվերջէն անդին պէտք չէ անցնի: . «ԺԱՏԻՏ»-ի տեղեկութեան համաձայն. «Լիբանանի ստանձնած ամերիկեան պատասխանը զէնքի հարցին առնչուած պայմանաժամերու...

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Ֆահտ Եուսեֆ Սէուտ Սուպահը, որ նախագահին փոխանցեց Քուէյթի իշխանին ողջոյնները: Շէյխ Սուպահ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եկայ բոլոր պայմաններուն մէջ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին Քուէյթի աջակցութիւնը հաստատելու»: «Խօսեցանք ապահովական հարցի մասին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներու վրայ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններուն մասին»,...

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոսը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումի ընթացքին Մորաթինոսի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնները: Նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձրագոյն ներկայացուցիչէն խնդրեց աջակցիլ Լիբանանի մէջ «Հանդիպման եւ երկխօսութեան համար մարդու ակադեմիա» ստեղծելու Լիբանանի խնդրանքին:      

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Լիբանանի արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին առաջարկած է իր Սուրիա այցելութեան ընթացքին Լիբանանի բանտերուն մէջ գտնուող սուրիացի բանտարկեալներուն հարցը քննարկել սուրիական իշխանութիւններուն հետ, եւ եթէ կարելի ըլլայ գոյացնել համաձայնութիւն, որուն հիմամբ անոնք իրենց բանտարկութեան ժամանակաշրջանը կ՛անցընեն Սուրիոյ մէջ` բացի անոնցմէ, որոնք քաղաքայիններ կամ լիբանանցի զինուորներ սպաննելու յանցագործութիւններ գործած են»: «Սալամ նիւթը...

Պայրագտարեան Յորդանանի Մէջ Շարք Մը  Հանդիպումներ Ունեցաւ

Պայրագտարեան Յորդանանի Մէջ Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցաւ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ «Ամման արաբ երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2025»-ի ծիրին մէջ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցած շարք մը արաբ պաշտօնակիցներու հետ: Ան հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Եազան Շատիֆաթի, Սէուտական Արաբիոյ մարմնակրթութեան փոխնախարար Պատր Ապտելռահման Քատիի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երիտասարդութեան հարցերով պետական նախարար դոկտ. Սուլթան Պըն Սէյֆ Մուֆթահ Համատ Նայատիի հետ: Պայրագտարեան նաեւ...

Page 109 of 986 1 … 108 109 110 … 986

Արխիւներ