Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա նշեց. «Ծայրայեղականներու ձեռքով գործուած ատելութեան արարքներու տեսարանները ցոյց կու տան, թէ սուրիական պետութիւնը չյաջողեցաւ զանոնք վերահսկողութեան տակ առնել, ուստի իրենց ատելութիւնը կը թափեն տիւրզի հոգեւորականին եւ աշխարհականին գլխուն, խորհրդանիշ եղող դրօշակին վրայ կը կոխեն եւ հայրերը իրենց ընտանիքներուն առջեւ կը վարկաբեկեն»:
«Արդիական պետութիւնը այսպէ՞ս կը կառուցուի: Ասիկա հարցում մըն է, որ կ՛ուղղենք սուրիական ղեկավարութեան եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններուն», աւելցուց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետը: