Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 16, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանան ամերիկեան դեսպանատան ճամբով ստացած է ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին իր յանձնած փաստաթուղթին պատասխանը եւ այժմ զայն կ՛ուսումնասիրէ:

Պատասխանին ամփոփումը այն է, թէ Լիբանան պէտք է յարգէ Հըզպալլայի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար ճշդուած ժամկէտը, որ ներկայ տարեվերջէն անդին պէտք չէ անցնի:

. «ԺԱՏԻՏ»-ի տեղեկութեան համաձայն. «Լիբանանի ստանձնած ամերիկեան պատասխանը զէնքի հարցին առնչուած պայմանաժամերու եւ գործադրութեան մեքանիզմներու վերաբերեալ կարգ մը յստակացումներ կը պահանջէ»:

«Երէկ Լիբանանի ստանձնած ամերիկեան պատասխանը լիբանանեան պատասխանի շարք մը կէտերու ողջունում կը բովանդակէ», աւելցուց «Ժատիտ»-ը:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը գրէ. «Երկուշաբթի օր հասած ամերիկեան պատասխանը ամբողջական է եւ արագ էր, հակառակ այն իրողութեան, որ լիբանանցի պաշտօնատարներու գնահատումով երկու շաբթուան պիտի կարօտէր: Անիկա պաշտօնատարներուն միջեւ քննարկման նիւթ պիտի դառնայ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակին խօսքը երկարատեւ փորձառութեան տէր եւ բազմաթիւ զգայուն թղթածրարներու պատասխանատու դիւանագէտի մը կողմէ սայթաքում կամ բերնէն խօսք փախցնել չէ»:

. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանը որեւէ այլ պետութեան կցելու մասին որեւէ խօսք մերժելի է եւ տեղ չունի: 10452 քիլոմեթր վերջնական հայրենիք է, որմէ ետդարձ չկայ, ինչպէս նշուած է սահմանադրութեան նախաբանին մէջ, եւ անոր մէկ թիզէն իսկ զիջում չկայ, ինչ ալ ըլլան փորձերը կամ գործարքները, եւ հին ու մօտիկ անցեալի պատմութիւնը անոր փաստն է»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը օդային յարձակումներ գործեց արեւելեան լեռնաշղթայի Պաալպեքի հարաւ-արեւելքը գտնուող բարձունքներուն վրայ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց. «Լիբանանի արեւելքի վրայ օդային յարձակումները Հըզպալլային զգուշացումներ են»:

. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.556.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը նուազեցաւ 14000 լ.ո.-ով. եւ հասաւ 1.595.000 լ.ո.-ի, մազութինը` 11000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.566.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 38000-ով լ.ո. եւ հասաւ 1.004.000 լ.ո.-ի:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հինգշաբթի, 17 յուլիսին Պաապտայի պալատին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը:

. ԼԻԹԱՆԻ գետի ազգային վարչութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր բացարձակ յոռեգոյն երաշտը, որուն պայմաններուն մէջ Լիթանի գետին վրայ գտնուող Լիբանանի մեծագոյն ամբարտակներուն ջուրի մակարդակը հասած է իր նուազագոյն մակարդակին, ինչ որ կը վտանգէ հողագործութիւնը, ելեկտրականութեան արտադրութիւնն ու տուներու ջուրի մատակարարումը:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. 17 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Ազգային Խումբ

Յաջորդը

Մակրօ. «Անհրաժեշտ Է Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Չափազանց Զգօն Ըլլալ Եւ Խուսափիլ Լիբանանի Վրայ Որեւէ Ժխտական Ազդեցութենէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.