Լիբանանեան

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանի  Եւ Վարչութեան Ու Արդարադատութեան  Յանձնախումբի Միացեալ Ժողովին Նախագահեց

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանի Եւ Վարչութեան Ու Արդարադատութեան Յանձնախումբի Միացեալ Ժողովին Նախագահեց

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի եւ վարչութեան ու արդարադատութեան յանձնախումբի միացեալ ժողովին, որուն իբրեւ դիւանի անդամ ներկայ գտնուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ նիստէն ետք յայտարարեց. «Խորհրդարանը չորեքշաբթի օր պիտի քննարկէ ճարտարարուեստի նախկին նախարար Ճորժ Պուչիքեանը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու որոշումը»: Անդրադառնալով լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուող այն լուրերուն,...

Ապի Մունա. «Ժոմպլաթ Լայնահորիզոն, Հեռատես,  Պէտք Եղած Պարագային Հաղորդակցելու Եւ Ճնշում Գործադրելու Ատակ Ղեկավարն Է»

Ապի Մունա. «Ժոմպլաթ Լայնահորիզոն, Հեռատես, Պէտք Եղած Պարագային Հաղորդակցելու Եւ Ճնշում Գործադրելու Ատակ Ղեկավարն Է»

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա նշեց. «Մեզմէ ոչ ոք ուրիշէն արժանապատուութեան եւ գոյութեան հարցերուն նկատմամբ աւելի նախանձախնդիր է»: «Մենք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցերուն հետեւելէ եւ աշխատելէ չենք դադրիր», ըսաւ Ապի Մունա: Տիւրզիներու հոգեւոր պետը նաեւ նշեց. «Ժոմպլաթը լայնահորիզոն, հեռատես, պէտք եղած պարագային հաղորդակցելու եւ ճնշում գործադրելու ատակ ղեկավարն է»: «Աշխարհին հետ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆիի յօդուածով կը հաղորդէ, թէ Վատիկանի հետ սերտ կապ ունեցող դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Վատիկանը չափազանց մտահոգ է «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն ետք արձանագրուած զարգացումներէն ետք Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տիրող կացութեամբ: Լաւատեղեակ կրօնական հեղինակութիւն մը նշած է, թէ Լեւոն ԺԴ. պապը կրնայ նոյեմբերին Լիբանան այցելել, սակայն առանց որ այդ այցելութիւնը հաստատէ...

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Սուրիական  Պետութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Տիւրզիական  Գիւղերու Վրայ Շղթայազերծուող  Յարձակումներուն Վերջ Տալու

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Սուրիական Պետութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Տիւրզիական Գիւղերու Վրայ Շղթայազերծուող Յարձակումներուն Վերջ Տալու

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Սուրիոյ պետութեան, Սուէյտայի եւ արաբական ցեղախումբերու զաւակներուն կոչ ուղղեց` աշխատանք տանելու ամրապնդելու զինադադարը, որ Սուրիոյ անվտանգութեան, կայունութեան եւ միասնականութեան համար աւելի կարեւոր է, քան որեւէ այլ բան, մասնաւորաբար վրէժը: Կուսակցութիւնը սուրիական պետութեան կոչ ուղղեց` լրջօրէն աշխատելու Սուէյտա նահանգին մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ վերջ տալու տիւրզիական գիւղերուն վրայ շղթայազերծուող յարձակումներուն` ճամբան փակելու համար միջազգային պաշտպանութեան կամ...

Ողջունելով Սուէյտայի Մէջ Զինադադարի  Յայտարարութիւնը`  Արսլան. «Երկխօսութիւնը Ժողովուրդի  Բոլոր Բաղադրիչ Մասերուն Միջեւ Փրկութեան  Երթի Մեկնարկի Միակ Ուղին Է»

Ողջունելով Սուէյտայի Մէջ Զինադադարի Յայտարարութիւնը` Արսլան. «Երկխօսութիւնը Ժողովուրդի Բոլոր Բաղադրիչ Մասերուն Միջեւ Փրկութեան Երթի Մեկնարկի Միակ Ուղին Է»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան յայտնեց. «Կ՛ողջունենք Սուրիոյ մէջ, մասնաւորաբար Սուէյտայի մէջ սուրիացի սիրելի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն միջեւ զինադադարի յայտարարութիւնը, որպէսզի Սուրիան մնայ ամբողջական եւ միասնական, ինչպէս որ էր պատմութեան ընթացքին, իբրեւ արաբական հարազատ դիրքորոշումներու կողմնացոյց, շրջանցած բոլոր դժուարութիւնները եւ համայնքային ու յարանուանական տգեղ սադրանքները, որոնցմէ միայն աւեր եւ առանց բացառութեան բոլորին վնաս կու գայ»: Արսլան Սուրիոյ մաղթեց...

«Լիբանան Պէտք Չէ Սուրիոյ Մէջ Սադրանքի Համար  Անցք Ըլլայ, Եւ Մենք Պիտի Փակենք Սադրանքի Դռները»  Կ՛ըսէ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթին

«Լիբանան Պէտք Չէ Սուրիոյ Մէջ Սադրանքի Համար Անցք Ըլլայ, Եւ Մենք Պիտի Փակենք Սադրանքի Դռները» Կ՛ըսէ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթին

Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուի արաբական ցեղախումբերու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ Պեքայի Տար Իֆթային մէջ ունեցած հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանան պէտք չէ Սուրիոյ մէջ սադրանքի անցք մը ըլլայ, եւ մենք պիտի փակենք որեւէ կողմէ եկող սադրանքի դռները»: «Սուրիան իր ժողովուրդին կամքով պիտի մնայ, եւ անոր պէտք է արտօնել իր հարցերը ինք լուծել», նշեց միւֆթին:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ ժամանեց Պէյրութ: Այսօր ընթացք կ՛առնեն անոր պաշտօնական հանդիպումները: . ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը Աննայայի մէջ Ս. Շարպելի տօնին առիթով երէկ մատուցեց սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ առաջին տիկինին: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար կը պատրաստուի իր սուրիացի պաշտօնակից Մըզհեր Ուէյսի հետ կապ հաստատել` համաձայնութիւն գոյացնելու...

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Երկրի  Կացութիւնն Ու Շրջանային Զարգացումները

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Երկրի Կացութիւնն Ու Շրջանային Զարգացումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` երկու կողմերուն միջեւ պարբերական հանդիպումներու ծիրին մէջ: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատը: Նախագահական պալատի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը քննարկած են երկրի ընդհանուր կացութեան տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ ներկայ շրջանային զարգացումները: Պըրրի Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:  

Լիբանանի Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր  Պետն Ու Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Կ՛ուղղեն`  Սադրանքի Թակարդը Իյնալէն Զգուշանալու

Լիբանանի Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետն Ու Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Կ՛ուղղեն` Սադրանքի Թակարդը Իյնալէն Զգուշանալու

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնած է տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունային` ընդգծելու սիւննի եւ տիւրզի համայնքները միացնող իսլամական ու ազգային եղբայրութիւնը եւ բարեկամութեան ու յարգանքի յարաբերութիւններն ու հասարակաց ճակատագիրի երկար պատմութիւնը: Հանրապետութեան միւֆթին խոր ցաւ յայտնած է Սուէյտայի մէջ մէկ հայրենիքի եղբայրներուն միջեւ արիւնահեղութեան նկատմամբ` նշելով, որ ցաւը...

Ապի Մունա. «Բացարձակապէս Կը Մերժենք  Սուէյտայի Դէպքերու Լիբանանեան Բեմին  Վրայ Որեւէ Արձագանգ Ունենալը»

Ապի Մունա. «Բացարձակապէս Կը Մերժենք Սուէյտայի Դէպքերու Լիբանանեան Բեմին Վրայ Որեւէ Արձագանգ Ունենալը»

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա յայտնեց, որ բացարձակապէս կը մերժէ Սուէյտայի դէպքերուն լիբանանեան բեմին վրայ որեւէ արձագանգ ունենալը, կամ որեւէ ազդակ, որ կը նպաստէ հասարակութեան պառակտման եւ սադրանքը անոր անցնելուն: «Ասիկա կտրուկ կերպով կը մերժենք, եւ մենք, Տար Ֆաթուան, սիւննի անձնաւորութիւններն ու բոլոր պաշտօնատարները մէկ դիրքորոշում ունինք», ընդգծեց ան: Ապի Մունա «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց....

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապաատ  Միութեան Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապաատ Միութեան Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ապաատ միութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին միութեան հիմնադիր եւ կեդրոնի տնօրէն Ղիտա Անանին եւ Ժիւլի Քահի Շահինը: Պատուիրակութիւնը նախարարէն խնդրեց հովանաւորել 12 օգոստոսին նախատեսուած «Լիբանանի մէջ երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնելու ցանց 2025-2027»-ի վերաբերող աշխատանքի մեկնարկի հանդէսը: Աշխատանքային ծրագիրին նպատակն է ամրապնդել ամբողջական քաղաքացիութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ ցանցի ջանքերը...

Ժոմպլաթ Երկխօսութեան Համար  Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Կ՛առաջարկէ

Ժոմպլաթ Երկխօսութեան Համար Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Կ՛առաջարկէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքի համայնքային խորհուրդի արտակարգ ժողովէն ետք յայտնեց. «Պէտք է ողջախոհ ըլլալ նախքան զգացական եւ ամբաստանութիւններու մէջ մտնելը, որովհետեւ մենք խելքի եւ իմաստութեան համայնք ենք, եւ եթէ կ՛ուզենք ամբաստանութիւններ կատարել, ապա անոնք բազմաթիւ են»: «Կ՛առաջարկեմ բոլորս խորհրդակցինք շարք մը միտքերու շուրջ, որոնք հիմքը պիտի ըլլան հաղորդագրութեան մը, որուն ճամբով կը դիմենք հարազատներուն եւ...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Հըզպալլան Կը Յաջողի Զէնքեր Մաքսանենգել  Եւ Մատակարարումը Վերակազմակերպել

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Հըզպալլան Կը Յաջողի Զէնքեր Մաքսանենգել Եւ Մատակարարումը Վերակազմակերպել

«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ», մէջբերելով Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու հիմնարկէն «Իրանի դաշնակից միլիսներու» հարցերու մասնագէտ Մայքըլ Նայցը, նշեց. «Իրան կը վերականգնէ Պիլատ Շամի մէջ իր ներկայութիւնը` Հըզպալլային հրթիռներ եւ Իրաքէն Սուրիա զէնքեր ուղարկելով»: Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, հակառակ Հըզպալլայի իր զինանոցը վերականգնել արգիլելու աշխուժ ջանքերուն, Հըզպալլան յաջողած է, հուսիներուն նման, որոշ յաջողութիւն արձանագրել: Ըստ կուսակցութեան գործողութիւններուն ծանօթ աղբիւրի մը, Հըզպալլան միջին հասողութեամբ...

Ռաժժի Եւ Մակրօ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ  Առկախ Թղթածրարներու Լուծման Շտապելու  Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

Ռաժժի Եւ Մակրօ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Առկախ Թղթածրարներու Լուծման Շտապելու Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն: Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները եւ Լիբանանը այդ զարգացումներու որեւէ արձագանգէ զերծ պահելու կարեւորութիւնը: Երկու կողմերը շեշտեցին «Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ առկախ մնացած թղթածրարներու լուծման շտապելու կարեւորութիւնը»: Ֆրանսայի դեսպանը լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը դրաւ Ֆրանսայի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումը երաշխաւորելու համար կատարած հաղորդակցութիւններու եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք 22 կամ 23 յուլիսին պիտի այցելէ Լիբանան: Ան ներկայիս կը գտնուի Նիւ Եորք, ուր խորհրդակցութիւններ կը կատարէ` առ ի պատրաստութիւն Պէյրութ իր այցելութեան: . ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք Լիբանան պիտի այցելէ երկու օրով: Կը նախատեսուի, որ ան Պէյրութ այցելէ երեքշաբթի օր: Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի...

Նախարարաց Խորհուրդը Պաապտայի  Պալատին Մէջ Գումարեց Իր Նիստը

Նախարարաց Խորհուրդը Պաապտայի Պալատին Մէջ Գումարեց Իր Նիստը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին նշանակեց հնդկական կանեփի եւ քաղաքային թռիչքներու մարմինները, ինչպէս նաեւ յետաձգեց հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի մարմիններու նշանակումը եւ անոնց անդամակցութեան թեկնածութեան առաջադրման ժամկէտը երկարաձգեց յաւելեալ երկու շաբաթով: Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտէն ետք յայտնեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն նախարարներուն ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու նախարարներու Լիբանանի աջակցութեան...

Հեռաձայնելով Ուալիտ Ժոմպլաթին`  Սալամ. «Անհրաժեշտ Է Խուսափիլ Հակազդեցութիւններէ,  Որոնք Կրնան Ներքին Լարուածութիւններ Ստեղծել»

Հեռաձայնելով Ուալիտ Ժոմպլաթին` Սալամ. «Անհրաժեշտ Է Խուսափիլ Հակազդեցութիւններէ, Որոնք Կրնան Ներքին Լարուածութիւններ Ստեղծել»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` շեշտելով «Սուրիոյ միասնականութեան պահպանումը եւ սուրիական պետութեան երդիքին տակ անոր բոլոր զաւակներուն փոխադարձ հասկացողութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ ողջախոհութեան ու իմաստութեան դրսեւորման, եւ խուսափելու հակազդեցութիւններէ, որոնք կրնան մէկ հայրենիքի զաւակներուն միջեւ ներքին լարուածութիւններ ստեղծել»: Սալամ գովաբանեց «Ժոմպլաթի եւ տարբեր շրջաններու այլ ականաւոր գործիչներու կողմէ թափուած ջանքերը` խուսափելու համար...

Պրուս. «Հըզպալլայի «Քարտ Հասան»-ի Ճամբով  Ֆինանսաւորման Դադրեցումը Առաջնահերթութիւն Է,  Եւ Կ՛ողջունենք Լիբանանի Այս  Առումով Ձեռնարկած Ջանքերը»

Պրուս. «Հըզպալլայի «Քարտ Հասան»-ի Ճամբով Ֆինանսաւորման Դադրեցումը Առաջնահերթութիւն Է, Եւ Կ՛ողջունենք Լիբանանի Այս Առումով Ձեռնարկած Ջանքերը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս նշեց. «Երբ հարցը կը վերաբերի Հըզպալլայի աջակցութեան գումարներուն, ապա Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի համար գումարներու հոսքին դադրեցումը, ներառեալ «Քարտ Հասան» հաստատութեան ճամբով, Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւն է»: «Մենք կ՛ողջունենք Լիբանանի այս առումով թափած վերջին ջանքերը եւ զայն կը նկատենք ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը, սակայն յաւելեալ աշխատանքի կարիքը...

Պըրրի. «Լիբանան Յառաջ Կը Շարժի Ելեւմտական  Եւ Դատական Բարեփոխումներու  Իրագործման Ուղղութեամբ»

Պըրրի. «Լիբանան Յառաջ Կը Շարժի Ելեւմտական Եւ Դատական Բարեփոխումներու Իրագործման Ուղղութեամբ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանները: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւններու զարգացումները, Իսրայէլի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումն ու զինադադարի համաձայնութիւնը չյարգելուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը առօրեայ կերպով ոտնահարելուն լոյսին տակ քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները: Հանդիպումի ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները: Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ին մասնակից...

Համատէ. «Թշնամիին Սուրիոյ Մէջ Միջամտելը  Իր Շահերուն Եւ Նոր Միջին Արեւելքի  Ծրագիրը Նախապատրաստելու Համար Է»

Համատէ. «Թշնամիին Սուրիոյ Մէջ Միջամտելը Իր Շահերուն Եւ Նոր Միջին Արեւելքի Ծրագիրը Նախապատրաստելու Համար Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իհապ Համատէ Հերմելի մէջ Հըզպալլայի զոհուած անդամներէն մէկուն յուղարկաւորութեան ընթացքին յայտնեց. «Մենք լաւ գիտենք, թէ թշնամիին Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը մարդուն համար չէ, ըլլայ ան ալեւի, տիւրզի կամ սիւննի, այլ իր շահերուն եւ նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրի նախապատրաստման համար, որ համահունչ է այսպէս կոչուած դարու գործարքին»: «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, Սուրիոյ մասնատումը կը նախապատրաստէ, եւ...

Page 108 of 986 1 … 107 108 109 … 986

Արխիւներ