Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով Իսրայէլեան Պնդումներուն. «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ, Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»

Յուլիս 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պատասխանելով իսրայէլեան պնդումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն, որոնք դիտաւորեալ կերպով արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Եւրոպական Միութեան դրացի պետութիւններու խորհրդաժողովին մասնակցութեան իրականութեան չհամապատասխանող իմաստներ տուին. Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին (Կիտէոն Սահեր) հետ ժողով չգումարեց, այլ մասնակցեցաւ ընդլայնուած նիստի մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Միջերկրականի շրջանի արաբ արտաքին գործոց նախարարներ (Սուրիա-Պաղեստին-Յորդանան-Եգիպտոս-Մարոք), իսկ նախարարները, որոնք ներկայ չգտնուեցան, այսինքն` Թունուզի, Լիպիոյ եւ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ապա անոնց երկիրներուն տեղ մասնակցեցան Պելճիքայի մէջ հաւատարմագրուած անոնց երկիրներուն դեսպանները»:

«Լիբանան երեսուն տարիէ ի վեր` Պարսելոնայի հոլովոյթի սկիզբէն ի վեր Միջերկրականի շրջանի պետութիւններուն կողքին կը մասնակցի այս ժողովներուն, ինչպէս նաեւ այսպիսի ժողովները Եւրոպական Միութեան եւ միջերկրականեան պետութիւններով չեն սահմանափակուիր, այլ Լիբանան տարեկան մասնակցութիւն կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներուն, ուր եւս Իսրայէլ ներկայ կ՛ըլլայ», նշեց նախարարութիւնը:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ նախարար Ռաժժիի Պրիւքսելի խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը համակարգուած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ», աւելցուց նախարարութիւնը:

«Անհրաժեշտ է յիշեցնել, թէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը նախընտրեց Լիբանանի ներկայութիւնը հաստատել, չխուսափիլ, եւ իր ձայնն ու Լիբանանի ձայնը բարձրացնել` մերժելով լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին շարունակութիւնը, մասնակից պետութիւններէն պահանջելով ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ եւ դադրեցնէ Լիբանանի վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումները», նշեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Ռաժժիի ժողովասրահին մէջ ըսած խօսքերէն է. «Բռնագրաւումին շարունակութիւնը գլխաւոր խոչընդոտ է հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան հանդարտեցման համար, եւ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղեմ` զօրաշարժի ենթարկելու իր դիւանագիտական ջանքերը` դադրեցնելու համար իսրայէլեան յարձակումները, եւ աջակցելու Լիբանանի լիարժէք գերիշխանութեան իրաւունքին, եւ լիբանանեան բանակի դերակատարութեան որեւէ տկարացում շրջանային կայունութիւնը վտանգի պիտի ենթարկէ»:

Իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը մասնակցած է ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուած է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Պիտի Տեսնէք, Թէ Ինչպէ՛ս Կառավարութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը Պիտի Նուազի»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?