Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ խորհրդարանի նիստէն ետք յայտնեց. «Շեշտեցինք, որ որոշումը կառավարութեան մէջ տրուի, եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կրկնեց, թէ զէնքին առնչուող գործադիր որոշումները պիտի որդեգրուին եւ հաւաքաբար կառավարութեան մէջ»:
«Որեւէ պահու, որ զգանք, թէ նախարարաց խորհուրդը իր դերը ամբողջական կերպով չի կատարեր, անոր մէջ պիտի չմնանք», նշեց Ատուան:
«Լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն զէնքի խնդիրի լուծման, եւ մենք նախանձախնդիր ենք այն ամէն ինչին, որ մարդոց կը վերաբերի», ըսաւ ան:
«Սէուտական Արաբիան Լիբանանի բարեկամ պետութիւն է, եւ ոչ միայն, եւ մենք ո՛չ Սէուտական Արաբիոյ, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ ալ Արեւմուտքի կողմէ Լիբանանին վերաբերող որեւէ բանի մէջ միջամտութիւն կ՛ընդունինք, որովհետեւ բարեկամութիւնը բան մըն է, իսկ միջամտութիւնը` այլ բան», յայտնեց Ատուան: