Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոսը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումի ընթացքին Մորաթինոսի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնները:
Նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձրագոյն ներկայացուցիչէն խնդրեց աջակցիլ Լիբանանի մէջ «Հանդիպման եւ երկխօսութեան համար մարդու ակադեմիա» ստեղծելու Լիբանանի խնդրանքին: