Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր.

July 18, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Թուլ եւ Քֆուր գիւղերուն միջեւ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Նաքուրայի մէջ հարուածեց բեռնակառք մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան մթնոլորտը մտահոգիչ է, եւ Լիբանանի մէջ ոմանք կը զգան, թէ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, լիբանանցիները դիւանագիտութեան երեւոյթով զբաղցնելն է, մինչ գոյութիւն ունի ամերիկեան-իսրայէլեան համաձայնութիւն մագլցում կատարելու, որ կրնայ որեւէ պահու եւ անակնկալ կերպով տեղի ունենալ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկեան պատասխանը դեսպանատան ճամբով ուղարկելը յստակ կերպով ցոյց կու տայ Ուաշինկթընի վճռական կամքը չխեղդուելու փոխադարձ պատասխաններու ոլորապտոյտին մէջ, եւ հրապարակային յստակ ու վերջնական պատասխաններ կը սպասէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Հըզպալլային»:

. ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիզար Հանի «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանցի վարորդը կը զգուշանայ սուրիական հողեր մուտք գործելէ կամ սուրիական կողմը կրնայ անոր արգիլել սահմանային անցքերէն անցնիլ, ուստի մտածեցինք լիբանանցի վարորդները փոխարինող սուրիացի, իրաքցի եւ յորդանանցի վարորդներ ապահովել»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ արդարադատութիւնը որոշեց 25 յուլիսին ազատ արձակել լիբանանցի բանտարկեալ Ժորժ Ապտալլան, որ 41 տարիէ ի վեր բանտարկուած էր:

Ան 1987-ին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր 1982 թուականին ամերիկացի դիւանագէտի մը եւ իսրայէլացի դիւանագէտի մը ահաբեկման մեղսակցութեան մեղադրանքով: Ժորժ Ապտալլա այժմ 74 տարեկան է, ան ֆրանսական բանտերուն մէջ գտնուող ամէնէն հին բանտարկեալն էր:

Ապտալլայի պաշտպան փաստաբան Ժան-Լուի Շալանսիէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ ճնշում բանեցուցին խանգարելու համար լիբանանցի գործիչ Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլայի ազատ արձակման իրաւական հոլովոյթը»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ» կը հաղորդէ, որ վատիկանեան շրջանակներ աշխատանք կը տանին նախապատրաստելու Լեւոն ԺԴ. պապին նոյեմբերին Լիբանան այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 325 թուականին Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առիթով Թուրքիոյ մէջ Նիկիա անոր այցելութեան ժամանակ:

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Փաստացի Հաստատեց, Որ Համաձայն Է Սիւնիքով Միջանցք Տրամադրել Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Խաթիպ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Սուրիոյ Եւ Շրջանին Համար Շատ Վտանգաւոր Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.