Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մակրօ. «Անհրաժեշտ Է Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Չափազանց Զգօն Ըլլալ Եւ Խուսափիլ Լիբանանի Վրայ Որեւէ Ժխտական Ազդեցութենէ»

Յուլիս 16, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ իր կեցութեան վայրին մէջ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մարտահրաւէրները տակաւին շատ են, ըլլայ այդ զէնքը պետութեան մենաշնորհ դարձնելը, բարեկարգումներու երթը, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգումը կամ շրջանային կացութիւնը, եւ մենք այս բոլոր ուղղութիւններով լիարժէք կերպով յանձնառու ենք եւ մեր լիբանանցի բարեկամներուն կողքին»:

«Իսրայէլ տակաւին լիբանանեան հողերուն վրայ հինգ կէտեր կը բռնագրաւէ, եւ կը շարունակէ իր հարուածները: Մենք կը դատապարտենք այդ մէկը եւ չենք դադրիր պահանջելէ, որ անցեալ նոյեմբերին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ յարգուի:

«Ամբողջական կերպով կը զօրակցինք լիբանանեան իշխանութիւններուն նպատակին, որ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ զէնքի ամբողջական մենաշնորհի հաստատումն է: Պէտք է բոլորը գիտակցին, թէ ժամանակը փոխուեցաւ, եւ պէտք է նոր փուլ սկսի այս երկրին մէջ, որ շատ տառապեցաւ: Մենք լիարժէք կերպով կը զօրակցինք ամերիկացի դեսպան Թամ Պարրաքի թափած ջանքերուն եւ վճռակամ ենք միասնաբար աշխատելու Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան եւ վերաշինութեան համար: Ան կրնայ վստահիլ տարբեր ուղղութիւններով ատոր նպաստելու մեր վճռակամութեան», նշեց Ֆրանսայի դեսպանը:

«Տակաւին պատրաստ ենք այս աշնան Փարիզի մէջ Լիբանանի վերականգնման խորհրդաժողով կազմակերպելու: Սակայն միջազգային ընտանիքը նախկինին պէս Լիբանանին օգնելու պիտի չփութայ, եթէ բարեկարգումներու վերաբերեալ յստակ յանձնառութիւններ չներկայացնէ: Լիբանանին միջազգային ելեւմտական համայնքին մէջ իր դիրքը վերականգնել արտօնող Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ թեքնիք համաձայնութեան կողքին, դրամատնային տագնապի պատասխանատուութիւնները ճշդող օրէնքի վաւերացումը չափազանց անհրաժեշտ է», ըսաւ դիւանագէտը:

«Անհրաժեշտ է չափազանց զգօն ըլլանք Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն նկատմամբ, եւ պէտք է խուսափիլ Լիբանանի վրայ անոր որեւէ ժխտական ազդեցութենէն: Լիբանանցիները նաեւ պէտք է պատրաստուին ուղեկցելու Սուրիոյ մէջ վերականգնման հոլովոյթին, որ վստահ եմ` վերաշինութեան ձեռնարկման պահուն բազմաթիւ առիթներ պիտի ստեղծէ, ըլլայ այդ սուրիացիներու իրենց հայրենիք վերադարձը ապահովելու կամ Լիբանանի այդ հոլովոյթին մասնակցութիւնը կարելի դարձնելու, ուստի եւ անկէ օգտուելու առումով: Իսկ ցաւալի այլընտրանքը այն է, որ Լիբանան պարզապէս այդ վերականգնման հանդիսատեսի դիրքին վրայ մնայ, երբ կրնար անոր մէջ գլխաւոր դեր ստանձնել», շեշտեց Մակրօ:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ճամբով խաղաղութեան մեր յանձնառութիւնը կը նպաստէ այդ ձգտումին: Այս առաւօտ առաջին անգամ ըլլալով Շանզելիզէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ընդհանուր հրամանատարութեան պատկանող պահեստի ուժի մաս կազմող ֆրանսացի եւ ֆինլանտացի զինուորներու զինուորական տողանցքը տեսանք, առ ի գնահատանք Լիբանանի նկատմամբ անոնց շարունակուող յանձնառութեան», նշեց Ֆրանսայի դեսպանը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պարրաք. «Հըզպալլան Զինաթափելէն Վախնալն Ու Լիբանանեան Կառավարութեան Այդ Մէկը Կատարել Արգիլելը Կրնայ Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջնորդել»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?