Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք նշեց, որ Հըզպալլան զինաթափելէն վախնալն ու լիբանանեան կառավարութեան այդ մէկը կատարել արգիլելը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել` աւելցնելով, որ Հըզապալլայի իր զէնքէն հրաժարելու գործողութիւնը լիբանանեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կը սկսի:
Պարրաք նաեւ նշեց. «Այն զէնքերը, որ կ՛ուզենք, որ Հըզպալլան անոնցմէ հրաժարի, Իսրայէլին սպառնացողներն են, եւ մենք միայն Հըզպալլայի հետ գործ չունինք, այլ նաեւ պաղեստինեան զինեալ ճամբարներու հետ»:
Ամերիկացի պատուիրակը շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատէ` շեշտելով, որ Լիբանանի համայնքային պատկերը չափազանց բարդ է:
Ինչ կը վերաբերի սուրիական թղթածրարին, Պարրաք ըսաւ, որ Սուրիան արագ վերաշինութեան համար եկամուտներու եւ միջազգային աջակցութեան կարիք ունի:
Ըստ անոր, Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը մարդոց յոյս տուած է: